Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աթէնքի Առեւտրական եւ ճարտարարուեստա-  կան գրասենեակը Զափիոնի ապարանքին մէջ կազմակերպած էր ընդունլեութիւն մը՝ ի պատիւ ֆրանսական հանրապետութեան նախագահ զօրավար  Տը Կոլի։

Գրասենեակի նախագահ պրն. Խ. Բանաղոսի եւ համադրական նախարար պրն. Բ. Բաբալիղուրասի ուղերձներուն պատասխանելով՝ նախագահ Տը Կոլ հաստատեց թէ՝ տնտեսական լիակատար զարգացման համար ամէն նախապայման կայ Յունաստանի մէջ։ Ըսաւ թէ՝ «Ունիք շատ զօրաւոր առեւտրական նաւատորմ մը՝ որ երրորդ կուգայ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ որ ձեզ կը հանէ միջազգային առեւտուրի նախաբեմը։ Ունիք բնական գեղեցկութիւններ եւ հնութիւններու վայրեր, որ ձեզի թոյլ կուտան մեծ չափով աւելցնել ձեր օտար այցելուներու թիւը։ Ունիք դժուարին երկրագործութիւն մը՝ եւ ճարտարարուեստ մը՝ որ կը ծնի։ Կը ջանաք արդիականացնել երկուքն ալ եւ անտարակոյս, առարկայական նպատակը անոնց միջեւ յառաջդիմութեան ներդաշնակութեան գոյութիւնն է»։ Նախագահ Տը Կոլի ի պատիւ ընդունելութիւն մըն ալ կազմակերպուած էր ֆրանքեւհելլէն ընկերակցութիւնը։ Նախագահը հելլէնասիրութեամբ թաթաւուն կարճ ճառ մը խօսելով ի միջի այլոց ըսաւ թէ՝ Ֆրանսա հոգեւոր դուստրն է այս յաւիտենական երկրին՝ Յունաստանի։ Նմանապէս հաստատեց թէ՝ իր աչքերով տեսած է յոյներու պայքարը երկու բռնատիրութեանց դէմ։ Ի վերջոյ շեշտեց թէ՝ «սպառնալիք չկայ՝ երբ միացած ենք ու վճռական»։ Յաջորդ օր, նախագահ Տը Կոլ օդային գծով մեկնեցաւ Թեսաղոնիկէ, ուր ընդունուեցաւ գահաժառանգին, վարչապետին, պաշտպանութեան նախարարին եւ այլ պաշտօնական անձերու կողմէ։ Վեհապետը կուրաղիի ստիպողական գործողութեան ենթարկուած ըլլալով՝ չկրցաւ Թեսաղոնիկէ մեկնիլ։ Կէսօրուան մօտ, տեղի ունեցաւ շքեղ տողանցք, որուն մասնակցեցան տասը հազար զինուորներ։  Կէսօրէ ետք, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետը նախագահ Տը Կոլին տուաւ քաղաքի մետալը։ Նախագահ Տը Կոլ ապա այցելեց քաղաքի ֆրանսական հաստատութիւնները եւ գերեզմանատունը։ Նախագահը ժամը 5-ին մեկնեցաւ դէպի Փարիզ։