Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Նորընտիր հայրապետը, շուրջառազգեստ, իր  աղօթքը ըրաւ Ս. սեղանի առաջ եւ խօսեցաւ յուզիչ ուղերձ մը:

Սուրբ տաճարին դռները բացուեցան եւ նորընտիր վեհափառը հանդիսաւոր թափօրով եւ «Որ զխորհուրդ աստուածային» շարականով, հաւատացեալներու անդադրում ծափերով առաջնորդուեցաւ վեհարան: Վեհարանի մուտքին օրհնեց ժողովուրդը: Վեհափառական գահը նստելէ առաջ, իր խօսքը պատգամաւորներուն եւ ներկաներուն ուղղելով, ըսաւ. «Թող Աստուած հովանի ըլլայ եւ զօրավիգ կանգնի մեզի, որպէսզի մեր ուժին ներած չափով ծառայենք: Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւններս եւ օրհնութիւններս կը յայտնեմ ձեզի: «Մէկ խնդրանք ունիմ ձեզմէ, աղօթեցէք ինծի համար, որ Աստուած ինծի անհրաժեշտ ուժն ու կարողութիւնը տայ, որպէսզի այն վստահութիւնը, որ տուին ինծի ազգին պատգամաւորները, կարենամ ի կատար ածել, բոլորանուէր ճիգով եւ ամբողջական նուիրումով: «Աստուած օրհնէ բոլորդ»: Վեհափառը, հիւրասիրութիւնն ու աջահամբոյրը սկսելէ առաջ, ըսաւ. «Սիրելի՛ հաւատացեալներ, «Երբ որ բացուին դռներն» երգը մեր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քայլերգը դարձաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին փափաքով: «Հողային Կիլիկեան չունինք, այլ ունինք հոգեւոր Կիլիկեան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանն է: Ան դարձաւ մեր ժողովուրդին սիրոյն կեդրոնը: Միշտ մնաց շէն, պայծառ եւ վառ՝ շնորհիւ մեր բարեպաշտ ժողովուրդին նուիրատուութեան, բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան: Կեցցէ՛ մեր հոգեւոր Կիլիկիան»: Ընդհանուր ցնծութեան մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ աջահամբոյր: Այսօրուան լիբանանեան բոլոր թերթերը լայնօրէն կ՛անդրադառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան՝ հրատարակելով անոր նկարը եւ կենսագրականը: Ընտրութենէն անմիջապէս ետք հեռագիրներ տրուեցան Ամենայն հայոց հայրապետ Վազգէն Ա. կաթողիկոսին, Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ պատրիարքներուն եւ թեմերու պետական իշխանութեանց:

(Վերջ)