Ապրիլ 24-ի առաւօտ, նահատակաց տօնին օրուան առիթով, Երեւանի ձայնասփիւռը հաղորդագրութեան մը ընթացքին ոգեկոչեց ապրիլեան նահատակները: Գոհար Գասպարեան երգեց «Հայաստան»ն ու «Կիլիկիա»ն: Կարդացուեցաւ Հրաչեայ Քոչարի մէկ գրութիւնը, ուր կ՛ոգեկոչուին մեր բիւրաւոր նահատակները, Համիտի օրերէն մինչեւ Տէր Զօր:
Լիբանանի Ազգային բուժարանին խնամակալ վարչութիւնը կը հաղորդէ.- Ս. Զատկուան տօնին առիթով այս տարի ալ, ինչպէս ամէն տարի Այնճարի Հայ Օգնութեան Խաչի մասնաճիւղը Ապրիլ 10, Չորեքշաբթի, բուժարան այցելեց: Միութեան անդամները բոլոր հիւանդներուն այցելելէ ետք հետեւեալ նուիրատուութիւնը ըրին: 1000 հաւկիթ, 40 քիլոկրամ պտուղ, 25 քիլոկրամ անուշեղէն: Խնամակալութիւնը այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայ Օգնութեան Խաչի Այնճարի մասնաճիւղի ժրաջան անդամուհիներուն, որոնք ամէն տարի կ՛այցելեն բուժարան՝ հիւանդները ուրախացնելու գեղեցիկ գաղափարով: Նոյն օրը, յետմիջօրէին բուժարան այցելեց նաեւ Պէյրութի Հայ աւետ. քոլեճին երգչախումբը: Խումբին ղեկավարն էր տոքթ. Է. Էլմաճեան: Երգչախումբը երգահանդէս մը տուաւ պատըսպարեալներուն եւ պաշտօնէութեան համար: Յայտագիրը բաղկացած էր հայկական երգերէ, Ալէմշահէ, Կանաչեանէ, Կոմիտաս վարդապետէ, Սաթեանէ, Ալթունեանէ, Կարա Մուրզայէն եւ Զ. Գիւզալեանէ, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմէն Կիւզելիմեանի: Յայտագիրը վերջ գտաւ խանդավառութեան մէջ: Խնամակալութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ տոքթ. Էլմաճեանին, ինչպէս նաեւ՝ երգչախումբին անդամներուն, որ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին բուժարան գալու եւ ուրախացնելու հիւանդներն ու պաշտօնէութիւնը: - Կիրակի, 14 Ապրիլ, Ս. Զատկուան օրը քեմանչիստ Ռուբէն բուժարան այցելեց եւ շքեղ նուագահանդէս մը տուաւ: Շրջապատուած հիւանդներէն եւ բուժարանի անձակազմէն, ան գործադրութեան դրաւ խնամուած եւ ճոխ յայտագիր մը՝ բաղկացած հայկական կտորներէ: Ան յուզումով եւ ապրումով կը նուագէր: