Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ապրիլ 28-ին, Գոմոթինիի, Գավալայի, Աղեքսանտրուպոլսոյ, Քսանթիի գաղութները Գոմոթինիի մէջ ունէին զոյգ հանդիսութիւններ։ Առաւօտուն, ս. պատարագէն վերջ, տեղի ունեցաւ նահատակաց յիշատակին հոգեհանգիստ, որուն յաջորդեց յուշատօնը։ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Շահէ քահանայ Գալայճեանի բացման պատշաճ խօսքէն ետք, ներկաները զետեղեցին ծաղկեպսակներ։ Յաջորդաբար, երգչախումբը երգեց «Անոնց համար որ ինկան»ը, «Տէր կեցո՛»ն եւ «Հիմի՞ էլ լռենք»ը։ Գեղեցիկ արտասանութիւններ ըրին՝ Հ. Մարուքեան, Յար. Վարդեան, Հերմինէ Գալայճեան, Ազնիւ Չիլինկիրեան, Թագուլա Շմաւոնեան։ Օրուան բանախօս՝ ընկ. Գրիգոր Տէտէյեան բացատրեց թէ հայութիւն Ապրիլ 24¬ը տօնելով ի՞նչ բանի կը ձգտի։ Ապա՝ երգչախումբը երգեց «Տէր ողորմեա՛» եւ վերջ գտաւ Ապրիլեան նահատակներու յուշատօնը։

Նոյն օրը, երեկոյեան Գոմոթինիի Օտէոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն «ՀՕՄ¬ի Օր»ուան առիթով։ Ճակատները բարձր, ազգային հպարտութեամբ եւ գիտակցութեամբ, ժողովուրդը եկած էր ծափահարելու հայ իրականութեան մէջ անզուգական կանացի այս մեծ կազմակերպութիւնը, որ Թրակիոյ¬Մակեդոնիոյ մէջ կը գործէ Հայ Գթութեան Խաչ անունով։ Շրջանային վարչութեան մեր երկու ընկերուհիները՝ օր. Արշալոյս Սեմերճեան եւ տիկ. Արմենուհի Աբելեան Թեսաղոնիկէէն յատկապէս հրաւիրուած էին, առաջինը իբրեւ օրուան նախագահուհի եւ երկրորդը՝ բանախօս։ Երգչախումբը երգեց մի քանի երգեր ու ապա ընկ. Աբելեան լայնօրէն բացատրեց Օրուան տօնին նշանակութիւնը։  Յաջորդեցին արտասանութիւններ, խօսուն պատկեր եւ զաւեշտ մը։ Դերակատարերն էին՝ Յ. Թորոսեան, Հմայեակ Կիւլպէնկեան, Յ. Գալայճեան, Գ. Պէքեարեան, Անգինէ Չիլինկիրեան, Թագուլա Գասպարեան եւ Ազնիւ Չիլինկիրեան։ Հանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ատեն պարերով եւ անակնկալներով։ Պէտք է յիշենք վաստակաւոր ուսուցչուհի տիկ. Պայծառ Սոմունճան եւ իր անբաժան օգնականները՝ տիկ. Մարի Թորոսեան եւ ընկ. Գէորգ Մատթէոսեան, որոնք իրենց ազգանըպաստ եւ անաղմուկ գործունէութիւնը  կը բերեն գաղութի աշխատանքներուն։