Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստան կը նկատուի երկրագունդի հրաբխային շրջաններէն մէկը։ Արդարեւ, անոր համեմատաբար փոքր սահմաններուն մէջ կը նկատուին հրաբուխներու զանազան ձեւերը, որոնք կը նմանին Հավայեան եւ Լիպարեան կղզիներու, Քամչաթկայի, Խաղաղական Ովկիանոսի շրջաններու հրաբուխներուն։

Հայաստանի հը- րաբխային քարերը իրենց բաղադրութեամբ բազմատեսակ են եւ անոնցմէ շատերը՝ տուֆ, խարամ եւայլն, լայնօրէն կþօգտագործուին շինարարութեան մէջ։ Երկրին կեղեւը ուսումնասիրելով, կարելի է քննել եւ հետազօտել 7-8.000 մեթր խորութեան տակ գտնուող քարերը, մինչ, հրաբուխներուն քարերը, լաւաները ուսումնասիրելով, կարելի կþըլլայ ուսումնասիրել մինչեւ քառասուն քիլոմեթր խոր գնտնուող քարերը։ Հայաստանի երկու երրորդը համատարած կերպով ծածկուած է հրաբխային «նիւթերով», որոնք ունին քանի մը հազար մեթրի հասնող շերտեր։ Ասոնց տակ կը գտնուին օգտակար բազմաթիւ հանածոներ, որոնց յայտնաբերումը կարելի է այդ «նիւթերուն» մանրակրկիտ, երկրաբանական-քիմիական հետազօտութիւններով։ Այս կարեւոր աշխատանքին լծուած են հայ մասնագէտները՝  հրաբխագիտութեան փորձարանին մէջ։

Աւստրալիա եւ Ինտոնեզիա իր ճամբորդութիւնը վերջացուցած ակադեմական Վիկտոր Համբարձումեան Հայաստան վերադարձած է։ Աւստրալիոյ մէջ մասնակցած է աստղագէտներու միջազգային համագումարին, որու ընթացքին զեկուցած է Բիւրականի մէջ իր կատարած աշխատանքներու մասին, յատկապէս Ծիր-Կաթինի ուսումնասիրութեան շուրջ։ Աւստրալիոյ ազգային համալսարանը գիտութիւններու վաստակաւորի տիտղոս ու աստիճան շնորհած է հայ մեծանուն աստղագէտին։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Աւստրալիոյ մայրաքաղաքին մէջ՝ Գամպերա։ Վ. Համբարձումեանի յայտարարութեան համաձայն, տեղւոյն հայ գաղութը բաղկացած է 700 հայրենակիցներէ։