Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Թրքական «Հայաթ» շաբաթաթերթը ներկայացուցած է Վան քաղաքը՝ հրատարակելով Աղթամարի վանքին գունաւոր մէկ լուսանըկարը: Թուրք թերթը հետեւեալ կարգով կը յիշէ Վանի հայ արքաները.

1.- Գագիկ՝ 908-936
2.- Աշոտ Դերենիկ՝ 936-958
3.- Համազասպ՝ 958-968
4.- Աշոտ Սահակ՝ 968-990
5.- Գուրգէն Խաչիկ՝ 990-1003
6.- Սենեքերիմ Յովհաննէս՝ 1003-1021

Յետոյ Վանի պատմականը ընելով՝ կը գրէ.- Վան քաղաքի վրայ պետականութիւն ստեղծող առաջին ցեղը եղած են հուրիները, որոնք ամբողջ հարաւարեւելեան Փոքր Ասիոյ կը տիրապետէին: Հիթիթները երբեք չեն կրցած տիրապետել Վանի վրայ: Քրիստոսէ առաջ 9-րդ դարուն հոն հիմնուած է ուրարտական թագաւորութիւնը, որ Ն. Ք. 859-էն մինչեւ 612, 247 տարի շարունակուած եւ 12 թագաւորներ ունեցած է: Ուրարտական պետութեան մայրաքաղաքն էր Վանը: Պարսիկները այս հողամասերուն տիրապետեցին մինչեւ Ն. Ք. 331 թուականը: Ք. Յ. 7-րդ դարուն իսլամ արաբները գրաւեցին Փոքր Ասիան եւ տապալեցին պարսիկ կայսրութիւնը: Այդ շրջանին Վանի շրջանին մէջ թագաւորութիւն մը հիմնած էին տեղւոյն հայերը, որոնք երկար շրջաններէ ի վեր հոն կը բնակէին. 10-րդ դարուն այս հայկական թագաւորութիւնը ենթարկուած էր Պաղտատի իսլամ կայսրութեան, եւ անոնց կարգ մը թագաւորները ընդունած էին իսլամութիւնը: Բիւզանդացիները մեծ չարչարանքներու ենթարկած էին հայերը, որոնք իրենց հետ դաւանակից չէին: Վան քաղաքը Առաջին Աշխարհամարտին 20 Մայիս 1915-ին անցաւ ռուսերու գրաւման տակ: Հայերը ռուսերու օժանդակութեամբ տիրեցին քաղաքին, որոնք ռուսերու հեռանալէն ետք ալ շրջան մը թուրքերը քաղաքէն դուրս հանելով՝ տիրապետեցին Վան քաղաքին: 2 Ապրիլ 1918-ին, երբ թրքական բանակը Վան մտաւ, քաղաքը ռուսերու եւ հայերու կողմէ փլատակի մը վերածուած վիճակին մէջ գտան: Վան, այսպէսով, 2 տարի 10 ամիս եւ 12 օր թշնամիի գրաւման տակ մնացած կ՛ըլլայ: