Հնդկաստանի նորակազմ հայկական միութիւնը իր ընդհանուր քարտուղարին ծանօթ առեւտրական Կարօ Մարթինի ջանքերով յաջողած է վերստին տիրանալ Մատրասի եկեղեցւոյն մատակարարութեան, կալուածներուն եւ դրամատան մէջ գտնուող կարեւոր գումարներուն:
Կէս դար առաջ այս մատակարարութիւնը եւ եկեղեցապատկան դրամները եւ կալուածները անցած էին անգլիական տան մը: Հայկական միութիւնը մատակարարութիւնը ազգին վերադարձնելու դատը շահելէ ետք տուած է հետեւեալ որոշումները. Ա) Եկեղեցւոյ բարերար Շամիր Սլթանքամեանի իւղաներկ լուսանկարը պատրաստել եւ կախել: Բ) Առաջին հայ լրագրին՝ «Ազդարար»-ի հրատարարակիչ տէր Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանին պատշաճ դամբարան մը շինել Մատրասի գերեզմանատան մէջ: Գ) Մատրասի եկեղեցիին մօտ հողին վրայ բազմայարկ շէնք մը շինել պատրաստ դրամով եւ անկէ յարկաբաժիններ տրամադրել քահանային, ժամկոչին եւ տրամադրել համայնքին սրահ մը, իսկ մնացեալը վարձու՝ յաւելուածական հասոյթ մը ապահովել: Ժողովը որոշած է նաեւ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպել Ապրիլ 7-ի Ծաղկազարդի օրը դէպի Մատրաս եւ պատարագ մատուցել ձեռամբ Երուսաղէմի միաբան Դաւիթ վրդ. Շաքեանի: Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարել Մատրասի եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ Մատրասի հանգուցեալ ազգայիններուն հոգւոյն:
Գուպայի վարչապետ պրն. Ֆիտէլ Քասթրօ «բարեկամական այցելութեան մը համար» սովիէթ վարչապետ պրն. Խրուշչէվի հրաւէրով ժամանեց Սովիէթ Միութիւն, ուր ընդունուեցաւ սովիէթ կառավարութեան անդամներուն կողմէ, գլխաւորութեամբ առաջին փոխ¬վարչապետ պրն. Անասթաս Միկոյեանի։ Պրն. Քասթրօ երկու երկիրներու ազգային ոգերգները լսելէ ետք ողջագուրուեցաւ պրն. Միկոյեանի հետ։ Պրն. Քասթրօ հաւաքուած ժողովուրդին դարձաւ եւ ըսաւ թէ կը ցաւի որ ռուսերէն չի կրնար խօսիլ։ Թէ դուրսը սարսափելի ցուրտ կþընէ, բայց իրենց սրտերուն մէջ տաքութիւն կը տիրէ։ Շեշտեց թէ միշտ պիտի յիշէ ջերմ ընդունելութիւնը Մոսկուայի մէջ։