• Վերափոխման Ս. Աստուածածնոյ տօնը այս տարի բացառիկ շուքով տօնուած է Կեսա- րիոյ Ս. Լուսաւորիչ դարաւոր եկեղեցիին մէջ, որ լեցուած է երկսեռ հաւատացեալներու խուռն բազմութեամբ մը: Արարողութիւնները սկսած են առաւօտեան ժամը 4-ին եւ վերջացած՝ ժամը 11-ին, նախագահութեամբ վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Հայկազուն Աւագ քահանայ Կարապետեանի, որ պատարագած, քարոզած եւ ապա կատարած է խաղողի օրհնութիւնը: Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարած են՝ Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի ուսանողները: Շրջակայ գիւղերէն՝ ուխտաւորները կողովներով խաղող բերած են օրհնուելու համար: Ճաշու Գրքի ընթերցումէն յետոյ, պատարագիչ Տէր հայրը թրքերէն գեղեցիկ քարոզ մը խօսելով ներբողը հիւսած է Աստուածամօր եւ յորդորած հայ մայրերը, հետեւիլ Անոր մաքրամաքուր կենցաղին ու աստուածահաճոյ գործին եւ հասցնել քրիստոնէական սուրբ հաւատքով առլցուն՝ առաքինի եւ պարկեշտ զաւակներ:

  • Պուէնոս-Այրէսի մեր պաշտօնակից «Արմենիա»էն կը տեղեկանանք թէ գաղութին համար հաստատուած է հայագիտական դասընթացք մը: Այդ առթիւ «Արմենիա» կը գրէ.- Հայագիտական դասընթացքը, կազմակերպուած Կրթական յանձնախումբին կողմէ, յաջողապէս սկսաւ, աւելի քան երեսուն հետեւողներով, որոնց ճնշիչ մեծամասնութիւնը հայուհիներ են եւ որոնք կամ արդէն ուսուցչական ասպարէզին կը հետեւին եւ կամ աւարտած են պետական մանկավարժական հաստատութիւնները եւ պատրաստ են ընդգրկելու ուսուցչական ասպարէզը: Կը յուսանք որ դասընթացքին հետեւողներու թիւը պիտի աւելնայ մօտ ատենէն, աւելի լայն եւ ամուր հիմերու վրայ դնելու համար  ձեռնարկը, որուն յաջողութեան եւ տեւականացման համար ազգային կրթական մարմիններ պատրաստ են ընելու նիւթական եւ բարոյական ամէն զոհողութիւն: