Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Կիրակի օր, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Ֆիքսի Ս. Կարապետ եւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցիներուն մէջ Զատիկը տօնուեցաւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան։

Աթէնքի մէջ, պատարագեց եւ քարոզեց թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեան։ Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարեց «Կիլիկիա» երկսեռ երգչախումբը ղեկավարութեամբ տիկին Ալիս Ֆարաճեանի։ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր բարձրախօս զետեղելու, որպէսզի երգեցողութեանց եւ քարոզին կարենան հետեւիլ նաեւ եկեղեցւոյ սանդուխներուն վրայ տեղ գրաւած հաւատացեալները։ Արարողութեանց աւարտումէն ետք, ազգ. իշխանութեանց անդամները, արտասահմանէն եկած հիւրեր եւ հաւատացեալները՝ առաջնորդարանին մէջ այցելեցին առաջնորդ սրբազան հօր, Աջը համբուրելու եւ Ս. Զատիկը շնորհաւորելու համար։ Ֆիքսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեան իսկ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան։ Իսկ Աթէնքի հովիւ արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեան, մասնաւոր հրաւէրով, զգեստաւորուած՝ մասնակցեցաւ Աթէնքի Յունաց Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագին, որու ընթացքին հայերէն լեզուով Աւետարան կարդաց։

 

Միջին Արեւելքի լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց թէ՝ երէկ կէս գիշերէն քիչ վերջ, Գահիրէի մէջ ստորագրուած է այն զեկոյցը, որով պիտի յայտարարուի Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մասնակցութեամբ Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան կազմութիւնը։ Եգիպտոսի կողմէ զեկոյցին տակ ստորագրած է նախագահ Նասըր։ Միւս երկու երկիրներուն կողմէ ստորագրած են այս երկիրներու պատուիրակութեանց պետերը։ Գահիրէի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց թէ՝ պատմական այս յայտարարութիւնը Գահիրէի, Դամասկոսի եւ Պաղտատի մէջ պիտի հրատարակուի Չորեքշաբթի կէսօրին։