Վերջերս, Քենտրիքոն թատրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի մեծ հաւաքոյթ մը, Սովիէթ Միութեան վարչապետ պրն. Խրուշչէվի կողմէ Յունաստանի եւ Աքրոփոլի դէմ եղած սպառնալից յայտարարութեանց առթիւ:Հաւաքոյթը կազմակերպուած էր Պահեստի Սպաներու, Նախկին Պատերազմիկներու, Արհեստակցական եւ այլ կազմակերպութեանց համադրիչ յանձնախումբին կողմէ: Բացման խօսքը ըրաւ համադրիչ յանձնախումբի նախագահ եւ Պահեստի Սպայից Համադաշնակցութեան ընդհ. քարտուղար պրն. Ն. Փափանտոնիու: Ապա խօսեցաւ Աթէնքի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ղ. Մեղաս, նիւթ ունենալով՝ «Աքրոփոլը իբրեւ խորհրդանիշ բարձր իտէալներու եւ իր դէմ բարբարոս դաւերը»: Հաւաքոյթի ընթացքին քուէարկուեցաւ բանաձեւ մը, ուր կը շեշտուի հելլէն ժողովուրդի անխախտ նուիրումը ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան իտէալներուն, որոնց խորհրդանիշը Աքրոփոլն է: Սովիէթ վարչապետին սպառնալիքները անտեղի եւ անընդունելի կ'որակուին եւ կը շեշտուի թէ՝ հելլէն ժողովուրդը անխախտ կերպով յարած կը մնայ ժողովրդավարութեան բարձր սկզբունքներուն: Հաւաքոյթի ընթացքին որոշուեցաւ որ, բանաձեւը ղրկուի նախագահ Քենետիին, վարչատպե Խրուշչէվին, նախագահ Տը Կոլին, վարչապետ Ատենաուէրին, ՄԱԿ-ի Ընդհ. քարտուղարին եւ Ունեսքոյին:
Համազգայինի Գահիրէի վարչութիւնը, օգտուելով ծանօթ գրագէտ ու մտաւորական ընկ. Կ. Մեհեանի Գահիրէ ներկայութենէն, «Յուսաբեր»ի Տան Դալար Տանիքին վրայ կազմակերպած է դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ եղած է խուռն բազմութիւն մը: Ընկ. Կ. Մեհեան նիւթ ընտրած է «Հայոց պատմութիւնը դիտուած աշխարհագրական եւ հոգեկան տեսանկիւնէ»: Ընկ. Կ. Մեհեան նախ շեշտած է թէ՝ ամբողջ Հայոց պատմութիւնը կարելի է ամփոփել միակ բառի մը մէջ «ազատամարտ»: