Ճափոնէն վերադարձին, դէպի Իտալիա ճամբուն վրայ, Արամ Խաչատրեան եւ կինը երեք ժամուան համար Փարիզ հանդիպած են:
Այդ կարճ ժամանակի ընթացքին վարպետը այցելած է Արդի արուեստի ցուցասրահը: Արամ Խաչատրեանի Ճափոնի յաջողութեանց արձագանգ հանդիսացած էինք ատենին, իբրեւ յաւելեալ տեղեկութիւն, զոր վարպետը տուած է, կրնանք ըսել, թէ ծանօթ դաշնակահար Լեւ Օպորինն է, որ Թոքիոյի մէջ առաջին ունկնդրութիւնը տուած է Արամ Խաչատրեանի դաշնակի նոր եւ երկարաշունչ սոնաթին: Նոյն երկը արդէն Իտալիոյ մէջ նուագած է առաջին անգամ ուրիշ յայտնի դաշնակահար մը՝ Կիլելս, որ աշնան Փարիզի հասարակութեան պիտի ներկայացնէ նոյն գործը: Իբրեւ նոր գործ՝ Ա. Խաչատրեան կը պատրաստէ թաւջութակի ռափսոտի մը: Իտալիոյ մէջ պիտի տայ երեք նուագահանդէսներ: Ապրիլ 7-ին՝ Հռոմ, 12-ին Թորինօ եւ 18-ին, Պոլոնիա: Իր ծրագիրներուն մէջ կը նախատեսէ Փարիզ գալ յառաջիկայ աշնան:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Միաբանական ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ անցեալ Չորեքշաբթի գիշեր, 2 Ապրիլ, կազմելու համար կաթողիկոսական ընտրութեան Պատգամաւորական ժողովի ընտրելիներու հնգանուն ցանկը եւ ընտրելու միաբանութեան պատգամաւորները՝ նոյն ժողովին: Միաբանութիւնը որոշեց նաեւ կաթողիկոսական ընտրութիւնը կատարել յառաջիկայ Մայիս 5-ին, Կիրակի օր: Կիլիկեան միաբանութիւնը ներկայիս դարձած է այն ամուր խարիսխը, որուն վրայ դրուած է Կիլիկեան դարաւոր Աթոռը, իր թեմերով եւ այդ թեմերու ազգային-եկեղեցական կեանքով: Կրօնական ամուր հաստատութիւն մըն է ան, որ շնորհիւ երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի յարատեւ ջանքերուն եւ անոր անմիջական գործակիցներու անձնուէր աշխատանքին, կը ներկայացնէ սփիւռքի հայ կեանքին կրօնական թեւը, որ տարուէ տարի զարգանալով եւ ուռճանալով՝ հասած է այսօրուան իր նախանձելի դիրքին: