Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետին՝ Տ. Տ. Զարեհ Ա.ի անակնկալ եւ անժամանակ մահը, ցնցեց ու խորապէս յուզեց նաեւ սրտերը Թրակիոյ շրջանի հայերուն։

Այսպէս Թրակիոյ շրջանի հայութիւնն ալ մեծ հովուապետին յիշատակը յարգեց ներկայ գտնուելով երկու հոգեհանգստեան պաշտամունքներու։ Առաջին հոգեհանգիստը կատարուեցաւ Փետրուար 24-ին, Կաթողիկոսի թաղման օրը, Քսանթիի հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Շրջանիս շրջուն հոգեւոր հովիւը՝ արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան, Ս. պատարագէն ետք հոգեհանգիստ կատարեց եւ ներկայացուց վեհափառին կեանքն ու գործը, յուզելով հաւատացեալ ժողովուրդը։ Երկրորդ հոգեհանգիստը՝ Կիլիկիոյ բոլոր թեմերու քաղաքներուն նման՝ տեղի ունեցաւ Մարտ 31-ին, Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, վեհափառին վախճանման քառասունքին առթիւ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագէն ետք։ Շաբաթ երեկոյեան, արդէն պատրաստուած էր պատշաճ սգաբեմ մը եկեղեցւոյ ճիշդ կեդրոնը։ Թէ պատարագի եւ թէ հոգեհանգիստեան երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն երգուեցան տեղւոյս փոքրիկ դպրաց դասու աղջկանց եւ տղոց կողմէ՝ ղեկավարութեամբ պրն. Յակոբ Գալայճեանի։  Շրջանի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Շահէ քահանայ վեհափառին կենսագրական գիծերը տուաւ։  Հակառակ սաստիկ անձրեւոտ օդին՝ Գոմոթինիի եւ միւս շրջաններու հաւատացեալները ներկայ գտնուեցան սոյն հոգեհանգստեան եւ իրենց յարգանքի վերջին տուրքը տուին անզուգական վեհափառի յիշատակին։

Հռոմի մէջ, Ապրիլ 1-ին, ուղեղային արիւնախռնումի հետեւանքով վախճանած է Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գերպ. Սահակ եպս. Կոգեան։ Վախճանեալը բարձր արժանիքներով օժտուած կարող եկեղեցական մըն էր, որ տարիներով ծառայած էր իր համայնքին եւ ընդհանրապէս՝ հայ ժողովուրդին։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ, ամսուն 4-ին։