Պէյրութահայ երիտասարդ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեան, որ վերջերս Պոլիս գացած էր շարք մը երգահանդէսներ տալու համար, վերադարձած է Պէյրութ՝ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրելէ ետք:
Պոլսահայ թերթերը մեծ գովեստով արտայայտուեցան հայ երգիչին մասին, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին՝ զգալի նուաճումներ արձանագրած է երգարուեստի բնագաւառին մէջ:
Քրիստոսի Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին առիթով Երուսաղէմ ուխտի գալ փափաքող մեր բարեպաշտ ժողովուրդին ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալը. 1.- Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ ուխտաւորներուն յատկացուելիք սահմանափակ թիւով սենեակները հանգստաւէտ եւ կահաւորուած չեն ըստ ամենայնի: 2.- Մեր կամքէն անկախ, պիտի պարտաւորուինք սրահներու եւ ի հարկին վրաններու տակ բնակեցնել ուխտաւորները. ուստի կը յանձնարարենք, որ անոնք գիտնան այս պարագան եւ իրենց հետ բերեն անհրաժեշտը: 3.- Անոնք, որոնք կը փափաքին աւելի հանգստաւէտ եւ յարմար պայմաններու մէջ բնակիլ Երուսաղէմ, կրնան այժմէն իսկ հաղորդակցիլ Երուսաղէմի մէջ գտնուող պանդոկներու հետ եւ իրենց համար բնակութեան տեղ ապահովել: 4.- Տնօրէն ժողովէն նշանակուած յանձնախումբ մը պիտի ջանայ օգնել ուխտաւորներուն, որպէսզի անոնք չզրկուին տեսնելէ Քրիստոսի Ս. գերեզմանին լուսահանութեան հանդիսութիւնը, Աւագ Հինգշաբթիի ոտնլուայի արարողութիւնը եւ Երուսաղէմի, Բեթղեհէմի եւ շրջակայքի սրբազան վայրերը: Կարեւոր է, որ Երուսաղէմ ուխտի եկող ամէն հայու, մեծ կամ փոքր, անունը արձանագրուի ուխտաւորաց տոմարին մէջ, եւ իւրաքանչիւրը ստանայ Ս. Գըլխադրի եւ Ս. Յարութեան նկարներով պատրաստուած ժապաւէնը: Ուստի, մինչեւ իսկ այն ուխտաւորները, որոնք վանքին մէջ պիտի չբնակին, պէտք է վանքին թարգմանատունը հանդիպելով՝ արձանագրուին, որպէսզի տեղեակ պահուին յանձնախումբին կարգադրութեանց:
ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ