Մոսկուայէն արժանթինեան թերթի մը ղրկուած թղթակցութեան մը մէջ, որ կը կրէ «Կարմիր դրախտին գաղտնիքները» խորագիրը, թղթակիցը կը նկարագրէ խորհրդային քաղաքացիներու կեանքի պայմանները եւ օրուան ապրուստը ճարելու անոնց հնարամտութիւնները:
Խորհրդային քաղաքներու աշխատաւորին միջին ամսականը եօթանասուն ռուբլի է, որ չի բաւեր համեստ ընտանիքի մը ապրուստին համար: Գողութենէ, զեղծումներէ եւ խարդախութիւններէ զատ, որ ընդհանրացած է խորհրդային աշխարհին մէջ, ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ խորհրդային քաղաքացին իր ապրուստը ճարելու համար: Պէտք է նկատի առնել, կը գրէ թղթակիցը, որ Խորհրդային Միութեան մէջ սեփական գործ ոչ ոք կրնայ ունենալ: Այս պայմաններուն տակ, քաղաքի եւ գիւղի բնակիչները կը դիմեն կողմնակի գաղտնի միջոցներու, որոնց հանդէպ կառավարութիւնը յաճախ աչք կը գոցէ: Խորհրդային Միութեան մէջ բոլոր գիւղացիներն ալ պարտաւոր են աշխատիլ վերէն սահմանուած օրուան որոշ ժամերուն: Սակայն կառավարութիւնը թոյլատրած է, որ գիւղացին ունենայ պզտիկ հողամաս մը եւ զայն մշակէ իր ընտանիքին կարիքները լրացնելու համար: Գիւղացին իրաւունք ունի պահելու նաեւ կով մը, կամ այծ մը, կամ խոզ մը եւ կամ՝ երեք գառնուկներ: Իր անձնական տնտեսութեամբ գիւղացին կրնայ զբաղիլ միայն կոլխոզային աշխատանքը լրացնելէ յետոյ: Եւ ահա գիւղացին իրեն տրամադրուած հողին արտադրանքը՝ կանաչեղէն, պտուղ, կաթ, հաւկիթ եւ այլն, շուկայ կը հանէ եւ ընթացիկ գիներէն շատ աւելի բարձր արժէքով կը վաճառէ: Նոյնիսկ քաղաքներու բնակիչները իրենց բակին մէջ կանաչեղէն կը ցանեն եւ հաւ կը պահեն՝ թէ՛ իրենք օգտուելու եւ թէ՛ վաճառքի հանելու համար: Բժիշկները ամբողջ օրը հիւանդանոցներու մէջ աշխատելէ ետք, երեկոները կ՛այցելեն մասնաւոր յաճախորդներու՝ մինչեւ քսանհինգ ռուբլի գանձելով իւրաքանչիւրէն: Ինքնաշարժի վարիչները, փոխանակ սպասելու, որ բարձրաստիճան պաշտօնեան իր ժողովը լրացնէ եւ զայն տուն տանի, գաղտնօրէն յաճախորդ կը փոխադրէ որոշ վարձատրութեան դիմաց: Այսպիսով, կարմիր դրախտին մէջ ամէն ոք իր գոյապրուստը ճարելու գաղտնի միջոց մը կը գտնէ: