Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց յիշատակին նուիրուած հանդէս-ներկայացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Մարտ 1963-ին՝
բարձր նախագահութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր տէր Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարքին, Հազմիէի սրահին մէջ: Ութ հարիւրի մօտ ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելու այն հերոսներուն, որոնք 451-ին ինկան Աւարայրի դաշտին վրայ՝ հայրենիքի եւ հաւատքի անշեղ հուրը իրենց սրտին ու աչքերուն մէջ: Այս առթիւ Պէյրութի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը բեմադրուէր վարժարանի Ա. բարձրագոյն կարգերէն ուսանող Յ. Մելքոնեանի «Ազատութեան ջահակիրները»: Վերջին տարիներուն նոր սերունդի յայտնաբերած հետաքրքրութիւնը՝ հանդէպ հայ գրին ու մշակոյթին, իսկապէս գովելի է ու մեծ յոյսեր կը ներշնչէ մեզի: Կը մնայ քաջալերել զայն ու ծափահարել՝ առանց տարուելու նեղմիտ հաշիւներէ: Ու արդարեւ, հակառակ կարգ մը թերութիւններուն, որոնց մեծ մասը անխուսափելի էին, Մխիթարեանի տղաքը, շնորհիւ լուրջ աշխատանքի, կրցած էին պատրաստել եւ հանդիսատեսներուն հրամցնել աշակերտական լուրջ ձեռնարկ մը:
Չորս տարիէ ի վեր, շարունակաբար, Աթէնքի, Փիրէայի եւ Թեսաղոնիկէի հայաշատ կեդրոններուն մէջ կը կատարուի գնահատելի աշխատանք մը, նոր սերունդի եւ ընդհանրապէս հայ ծնողներու կրօնաբարոյական եւ ազգային կեանքին ի նպաստ։ Չորս տարիէ ի վեր Յունաստանի թեմի կրօնական դաստիարակութեան խորհուրդը, համեստ ուժերով եւ հայրենանուէր ջանքերով կը կատարէ փորձ մը՝ մեր ժողովուրդին զգացնելու, թէ մարդկային եւ անհատական առօրեայի տափակ տաղտուկներէն վեր, կան աւելի վսեմ ապրումներ, քրիստոնէական եւ ազգային հաւատքի սահմաններէն ներս։ Սոյն խորհուրդը, այս երեք շրջաններու երեք կիրակնօրեաներու մէջ կը հաշուէ այսօր 130 երկսեռ սաներու թիւ մը, 15 նուիրուած դաստիարակներով։