Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հարաւային Ֆրանսայի Առլ քաղաքի օրաթերթը կը հաղորդէ հետեւեալ լուրը.-

Անցեալ շաբաթ Առլ կայարանը հասաւ Նիս-Սթրազպուրկ շոգեկառքը: Ուղեւորներ կ՛իջնեն վար ու կ՛ուղղուին դէպի ելք: Այս ճամբորդներուն մէջ կը նշմարենք կին մը, որ զգալի վարանումով կը նայէր ճամբորդներուն, կարծէք՝ մէկը կը փնտռէր: Եղաւ վերջապէս յուզիչ հանդիպումը երկու քոյրերու՝ իրարմէ քառասուն տարի առաջ բաժնուած Էլիզապէթ եւ Մարի Կիրակոսեաններու: Երկուքն ալ խոր յուզումի մէջ ոչ մէկ բառ կրնային արտասանել: Գրկախառն համբոյրներով կապուած կը մնային մօտ կէս դարէ ի վեր բաժնուած այս քոյրերը: Քառասուն տարուան բաժանումէ մը ետք երկու քոյրերէն իւրաքանչիւրը պիտի պատմեն այժմ իրարու, թէ ինչեր անցած են իրենց սխրալի բաժանումէն ի վեր:

«Մասիս»-ի թղթակիցը Հալէպէն կը գրէ.- Հոկտեմբերի վախճանէն մինչեւ Փետրուարի սկիզբը քեմանչահար Ռուբէն մնաց Հալէպ, ուր առիթ ունեցաւ նուագելու Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած հանդէսին՝ ի պատիւ Մեսրոպ Մաշտոցի, ինչպէս նաեւ՝ Թէքէեան մշակութային միութեան կազմակերպած հանդէսին, որուն ներկայ էր Սիլվա Կապուտիկեան: Այնուհետեւ սարքեց բազմաթիւ նուագահանդէսներ՝ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ՛ դպրոցականներու համար անխըտիր: Հայկական շրջանակներու մէջ կատարուած նուագածութեան համբաւը տարածուեցաւ Հալէպի մէջ, եւ յայտնի սուրիացի պետական եւ կրթական դէմքեր փափաքեցան, որ հայ քեմանչահարը նուագէր նաեւ իրենց շրջանակին մէջ: Երկու նուագահանդէսներ տեղի ունեցան միջազգային յայտագրով. մին՝ Հալէպի ազգային մատենատան սրահին մէջ, միւսը՝ Հանրային կրթութեան շէնքի սրահին մէջ: Քեմանչահար Ռուբէն յայտագրերու վերջաւորութեան լսելի ըրաւ իր նոր յօրինած «Ողջո՜յն Հալէպի» նուագը, որ գնահատանքով ողջունուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ: Արաբական թերթերը, գրեթէ բոլորը, դրուատալից տողեր նուիրեցին հայ քեմանչահարին: 29 նուագահանդէսներ տուաւ Ռուբէն, Սուրիոյ հայաշատ քաղաքին մէջ: