50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ...Ծաղկաձորի մէջ գարունըերկու անգամ կուգայ, կ՝ըսեն տեղացիները: Մէկը ա՛յն ատեն, երբ արեւի ջերմացնող շողերուն տակ ձիւնի ճերմակ սաւանի տակէն խոնարհօրէն իրենց գլխիկները դուրս կը հանեն ձիւնծաղիկները, եւ անգամ մըն ալ ա՛յն ատեն, երբ Ծաղկաձորը կը հասնին փողկապաւորները - հարիւրաւոր երախաներ: Անոնք կը նմանին ձիւնծաղիկներու գեղեցիկ փունջերու եւ ուրախ ու անհոգ՝ ստուերախիտ անտառին մէջ կը շրջին, կ՝երգեն ու կը պարեն:
Ծաղկաձորի երիտասարդական կայանին մէջ երեխաներու հանգիստին եւ աշխատանքին համար ստեղծուած է ամէն յարմարութիւն: Զրոյցներու կը յաջորդեն մարզական խաղեր, իսկ խաղերուն չմասնակցողները կը զբաղին ընթերցանութեամբ: Կայանին մէջ փոքրիկներուն ամէնէն սիրած պահը գեղարուեստական ինքնագործութեան պահն է: Բնութեան գրկին մէջ, երախաները կը լսեն նաեւ հետաքրքրական զեկուցումներ եւ պատմութիւններ՝ հայրենասիրութեան, ընթերցասիրութեան եւ այլ նիւթերու մասին:
-Հունգար ականաւոր հայագէտ՝ Էտմոնտ Շուց, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիոյ ուղարկած է «Նոր Տուեալներ Գաբրիէլ Թոքատեցու մասին» վերնագրով ուսումնասիրութիւն մը: Ազգութեամբ հայ Գաբրիէլ Թոքատեցին Հունգարիոյ մէջ ճանչցուած է որպէս ազգային հերոս: Ան այդպիսի փառքի արժանացած է 275 տարի ա-ռաջ, երբ Եւրոպայի մէջ խարխլիլ սկսած են Օսմանեան բռնակալութեան հիմքերը եւ հունգար ժողովուրդը սկսած է պայքար մղել օտար տիրապետութեան դէմ: Գաբրիէլ Թոքատեցին, որ հասարակ նպարավաճառութենէ դարձած է զինուորական բարձր աստիճանաւոր, նշանակալից դեր խաղացած է Հունգարիոյ ազատագրման մէջ: Այս մասին կը խօսին ուսումնասիրութեան հեղինակ հայագէտ Էտմոնտ Շուցի կողմէ երեւան հանուած Թոքատեցիի նամակները: