Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ «Միլլիէթ» թերթին էջ Էրենով երկրորդ խորագրին ներքեւ կը գրէ.- «Արեւելքի (նախկին հայկական նահանգներու մասին է խօսքը) մէջ սով կը տիրէ, անասունները կը սատկին անօթութենէ, գրեցին թերթերը անցեալ ձմրան:

1962-ի սկիզբներուն Հաճընի մէջ կ՛ըսէին. - Այստեղ հայերու օրով աւելի շատ մարդիկ կ՛ապրէին: Խաղողն ու գինին առատ էին: Այդ ժամանակ քաղաքը ունէր նաեւ երկրորդական վարժարան, որ հայերուն հետ չքացաւ: Մենք քանդեցինք այգիները՝ մեղք համարելով գինի  պատրաստելը: Ժամանակի ընթացքին պարպուեցաւ Հաճընն ալ: Իսկ հայերէ մնացած գինիի կարասները դեռ կը մնան տուներուն մէջ: Գիւղացիներէն լսեցի, որ հայերը այստեղ եղած ատեն Հունու գետին վրայ փոքրիկ ամբարտակ մը կար, որուն շնորհիւ ջուրի նեղութիւն չէր զգացուեր: Ամբարտակը քանդուած է հիմա: Հեքքեարի եղայ, այստեղ հայերու մասին խօսուեցաւ: Գիւղացիները կ՛ըսէին. «Հայերը Չափ ձորին մէջ ծառախիտ այգիներ տնկեցին ու խաղող պատրաստեցին: «Շատ լաւ էր այն ժամանակ», ըսաւ Հեքքեարի դրամատան պաշտօնեան: «Բայց հիմա հայերը չկան», ըսի ես: «Հայերը մեկնելէ ետք, մերինները այլեւս երեսի վրայ ձգեցին անոնց տնկած այգիները»: Արեւելքի մէջ տեսայ չհերկուած հողեր: Ալճաւազէն Վան, Վանէն Հեքքեարի շատ են անմշակ ձգուած նման հողեր: Այդ անմշակ ձգուած հողերուն վրայ գոնէ անասուններ պահուէին, բայց ոչ՛ հնձուելիք խոտ կար, ոչ ալ աչքիս տեսած հեռաւորութեան վրայ անասուն մը: Այս շրջաններուն մէջ գիւղերը զուրկ են դըպրոցներէ եւ ճամբաներէ. ինչպէ՞ս կրնան յառաջդիմել հոն ապրողներ»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Զարեհ կաթողիկոսի վախճանման առթիւ, յունահայութեան մօտ Առաջնորդարանի եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան կողմէ քսանօրեայ սուգ յայտարարուած էր, սակայն նկատի ունենալով որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը Կիլիկեան բոլոր թեմերուն համար քառասնօրեայ սուգ հռչակեց, այսու առ ի գիտութիւն մեր բոլոր միութեանց ուշադրութեան կը յանձնենք տուեալ պարագան։