Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայ մեծ բանաստեղծ եւ գուսան Սայաթ-Նովայի ծննդեան 250-ամեակի առթիւ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան Տան մէջ հաւաքուած են քիւրտ գրողներ, «Ռյա-Թազա» թերթի եւ ռատիոկայանի քրտական հաղորդումներու խմբագրութեանց անդամներ եւ այլք։

Սայաթ-Նովայի կեանքի եւ ստեղծագործութիւններու մասին զեկուցում մը կարդացած է Մ. Հասրաթեան։ Այնուհետեւ, Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններէն իր կատարած թարգմանութիւնները կարդացած է Ֆերիկէ Ուսըվը։

Երեւանի հայ ֆիլհարմոնիայի համերգային փոքր դահլիճին մէջ վերջերս իր առաջին ելոյթը ունեցած է համաշխարհային վեցերորդ ֆեսթիվալի մրցանակաբաշխութեան մրցանակաւոր երիտասարդ ջութակահար Հենրիկ Սմբատեանը, դաշնակի ընկերակցութեամբ ՆԵլի Դանիէլ-Բէկի։ Սմբատեան նուագած է Լեկլէոյի, Պախի, Շումանի, Փականինիի, Շիմանովսկիի, Իզայի, Շոսթակովիչի եւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն՝ արժանանալով ունկնդիրներու ջերմ գնահատանքին։ Երիտասարդ ջութակահարը աւարտած է Մոսկուայի երաժշտանոցը։

Անցեալ տարի, Սոմալիի վարչապետին խնդրանքին վրայ Հայաստանէն Սոմալի ղրկուած են պանիրի երկու մասնագէտներ՝ Պետրոս Դանիէլեան եւ Ռաֆֆիկ Մելքոնեան, որոնք տեղւոյն նախնական միջոցներով իսկ սկսած են պանիր պատրաստել եւ զայն սորվեցնել տեղացիներուն, միանգամայն առաջարկ ներկայացնելով երկրին մէջ զարգացնելու կաթի լրիւ օգտագործման միջոցները։

Եւրոպական Տնտեսական Հաւաքականութեան գործադիր յանձնախումբի նախագահ փրոֆ. Հալշթեան կարեւոր ճառ մը խօսեցաւ Միացեալ Շուկայի սկզբունքներուն, նպատականերուն եւ գործելակերպին շուրջ, ի ներկայութեան 850 հոգիի, մեծ մասամբ Գոլումպիա համալսարանի շրջանաւարտներ եւ ամերիկեան տնտեսական կեանքի ականաւոր դէմքեր։