• Կեսարիայէն ղրկուած 31 Յուլիս թուակիր նամակի մը համաձայն, մէկ օր առաջ, Գարեգին պատրիարքի մահուան քառասունքին առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ հանդիսաւոր արարողութիւններ  կատարուած են‘ ի ներկայութեան հաւատացեալ խուռն բազմութեան մը: Պատարագած եւ քարոզած է Հայկազուն քհնյ. Կարապետեան: Պողազլեանէն եւ շրջակայ այլ գիւղերէ մեծ թիւով հայեր եկած եւ մասնակցած են արարողութեանց:

  • Ազգային առաջնորդարանէն եկած հրահանգին համաձայն, Պոլսոյ հանգուցեալ պատ-րիարք Գարեգին պատրիարքի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարուեցաւ 30 Յուլիս 1961, Ազգային վարժարանի սրահին մէջ: Կատար-ւեցաւ նաեւ աղօթք եւ մաղթանք‘ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ անոր նուիրապետական աթոռներուն հաստատութեան համար: Մասնաւոր քարոզ խօսուեցաւ պատրիարքին կեանքը եւ գործունէութիւնը ներկայացնող: Պատարագիչն ու քարոզիչն էր Թրիփոլիի հայոց հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Յովհաննէսեան:

  • Գահիրէի «Իմաժ» շաբաթաթերթը իր 5 Օգոս տոսի թիւին մէջ հրատարակած է յօդուած մը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի մասին, Այխմանի դատավարութեան առընչութեամբ: Յօդուածին հղինակն է Կապրիէլ Պոքթոր, որ կը գրէ, ի մէջ այլոց. «Մ. Նահանգներ այցելութեանս ընթացքին, պատեհութիւնն ունեցայ ճանչնալու հայերու արդարութեան գործադրիչ Սողոմոն Թեհլիրեանի այրին: Թեհլիրեան մեռաւ 54 տարեկանին, Սան Ֆրանչիսկոյի համալսարանի հիւանդանոցին մէջ եւ թաղուեցաւ Ֆրեզնոյի մէջ, մարմարիոնէ պարզ շիրիմի մը տակ, քաղաքին հայկական «Արարատ» գերեզմանատան մէջ: