Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

1963-1967 լոյս պիտի տեսնեն ութ հատորներ՝ Գամառ-Քաթիպայի (Ռաֆայէլ Պատկանեան) գործերուն նուիրուած:

Հատորները պիտի բովանդակեն Ռ. Պատկանեանի գրական ամբողջ ժառանգութիւնը, որոնց մէջ նաեւ՝ գրագէտին շատ հարուստ նամականին, որ բացառիկ է իր արժէքով՝ ըլլա՛յ փաստագրական առումով, ըլլա՛յ իր շօշափած գրական, մշակութային, մանկավարժական, քաղաքական եւ ընկերային խնդիրներով: Գրագէտին գործերը հատորներուն մէջ հետեւեալ ձեւով պիտի հրատարակուին. առաջին հատոր՝ բանաստեղծութիւններ, ձօներգներ եւ այլն: Երկրորդ հատոր՝ բանաստեղծութիւններ, աւանդութիւններ, առակներ, հեքիաթներ, «Նոր Նախիջեւանի քնար», մանկական բանաստեղծութիւններ, թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ: Երրորդ հատոր՝ գեղարուեստական արձակ, թատերական գործեր: Չորրորդ հատոր՝ գեղարուեստական արձակ (Նոր Նախիջեւանի բարբառով): 5-րդ հատոր՝ ուղեգրութիւններ, յուշեր, յօդուածներ, ճառեր: Վեցերորդ, եօթներորդ հատորներ եւ ութերորդը՝ նամակներ:

Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառը ձեռնամուխ եղած է Յակոբ Պարոնեանի երկերուն հրատարակութեան՝ տասը հատորով: Արդէն լոյս տեսած է առաջին հատորը, որ կը բովանդակէ մեծ երգիծաբանին թատրերգութիւնները: Առաջին հատորէն իսկ կը զգացուի հրատարակիչ մարմինին (Գ. Յովնան, Գ. Ստեփանեան, Ա. Ինճիկեան, Ա. Մանուկեան՝ Ա. Կոթիկեան) բարեխղճութիւնը՝ անմահ երգիծաբանին հարուստ ժառանգութիւնը անթերի կերպով հասարակութեան ներկայացնելու գործին մէջ: Շատ ծանօթ «Պաղտասար աղբար»ը եւ «Ատամնաբուժն արեւելեան» կատակերգութիւնները խնամքով համեմատուած են հեղինակին ձեռքով սրբագրուած առաջին հրատարակութիւններուն հետ, «Երկու տէրով ծառայ մը» եւ «Շողոքորթը»՝ Երեւանի թանգարանին մէջ գտնուող Պարոնեանի ինքնագիր ձեռագիրներուն հետ, իսկ «Պռոյզ» անաւարտ գործին համար հիմք ծառայած է Հրանտ Ասատուրի 1911-ին Պոլսոյ մէջ կատարուած հրատարակութիւնը: