Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աթէնքի Ընդհ. Ապահովութեան սպասարկութիւնը երեւան հանած է կեղծարարներու խմբակ մը, որ գաղտնի տպարան մը հաստատած էր եւ 25 տարիէ ի վեր 5, 10, 20, եւ 100 տրախմինոց կեղծ դրոշմաթուղթեր կը տպագրէր եւ իր մարդոց միջոցով, արժէքին կէս գինով ծախելով՝ միլիոններու վնաս կը հասցնէր պետութեան։

Կեղծարարներու խմբակին պետը եւ կեղծ դրոշմաթուղթերը շինողը կը կոչուի Անտոնիոս Նիքոլաու, 83 տարեկան։ Իր օգնականներն են՝ իր 60 տարեկան կինը, իր 36 տարեկան զաւակը եւ անոր 35 տարեկան կինը։ Բոլորն ալ ձերբակալ-ւած են։ 

Վերջերս հրապարակ ելաւ «Կիները եւ տղաքը  Սովիէթ Միութեան մէջ» խորագրով գիրք մը, ուր կþըսուի թէ՝ Ռուսիոյ մէջ, մօտաւորապէս 400 հազար կիներ կþաշխատին իբրեւ մեքենագէտ։ Նոյն գրքին մէջ կþըսուի նաեւ թէ՝ սովիէթական գործատուներու տնօրէններուն հարիւրին վեցը եւ ճարտարարուեստական ձեռնարկներու մեքենագէտներու պետերուն հարիւրին տասնըվեցը կիներ են։ Նմանապէս, ռուսուհիներ կþաշխատին իբրեւ տնտեսագէտ եւ տնտեսական խոր- հըրդական՝ տնտեսական ծրագիրներու եւ վիճակագրութեանց պատրաստութեան համար։ Ներկայիս Ռուսիոյ բժիշկներու հարիւրին եօթանասունըվեցը կին է իսկ ուսուցչութեան՝ հարիւրին եօթանասունը։

Վերջերս, Լիւքսեմպուրկ ժամանեցին Յունաստանի վարչապետ պրն. Գարամանլիս եւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Ավերոֆ, ընկերակցութեամբ իրենց տիկիններուն եւ հետեւորդներուն։ Հելլէն հիւրերը ընդունուեցան Լիւքսեմպուրկի վարչապետ պրն. Վերնէրի եւ արտաքին գործոց նախարար պրն. Սառայի կողմէ։ Հելլէն վարչապետը եւ արտաքին գործոց նախարարը ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպայի հարցերուն շուրջ խօսակցութիւններ ունեցան Լիւքսեմպուրկի գահաժառանգ իշխան Ժանի կողմէ, որ միաժամանակ երկրի ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-պետն է։