Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Փարիզի մէջ Հայ Մշակոյթի Տան Սողոմոն Թեհլիրեան սրահին մէջ, Հ. Յ. Դ. «Փոթորիկ» խումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան 42-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը։ Օրուան նախագահ ընկ. Սուրէն Փափազեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յօտնկայս յարգել յիշատակը Փետրուարեան պայքարի զոհերուն։ Ապա «Մեր հայրենիք»ով, որ երգուեցաւ բոլորին կողմէ, տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարեց։ Ընկ. Փափազեան իր խօսքին մէջ զուգակշիռը ըրաւ 15 դար առաջ մղուած համաժողովրդական շարժումին, հսկայ կայսրութեան մը դէմ, որ ծանօթ է Վարդանանց պատերազմ անունով եւ ասկէ 42 տարի առաջ Փետրուարեան յեղափոխութեան, ժողովրդական պոռթկումին, պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ։ Իրողութեանց հաստատումով ցոյց տուաւ որ, հայ ժողովուրդը իր արի եւ յանդուգն խառնուածքով, հայրենիքի եւ ազատութեան հանդէպ անսահման սիրով տոգորուած՝ նետուած է անհաւասար կռուի մէջ եւ գիտցած է արժեցնել ազատ եւ անկախ ապրելու իր ցեղային մեծագոյն առաքինութիւնը։ Առաջին առթիւ խօսք տրուեցաւ ընկեր Աշոտ Իսահակեանի, որ 1917 Հոկտեմբերէն մինչեւ 1920 Դեկտեմբեր 2, փաստերով եւ անուններու յիշատակութեամբ ցոյց տուաւ համայնավար իշխանութեան եւ ղեկավարներու շռայլած խոստումներուն եւ պատեհ ժամուն ի վնաս մեզի թշնամական վերաբերմունքին հակասական բնոյթը։ Յիշեց Լենինի, Սթալինի, Թրոցկիի, Չիչերինի, Գարախանի եւ այլ բազմաթիւ համայնավար գործիչներու, պետական մարդոց գրաւոր եւ բերանացի խոստումները, Թրքահայաստանի հողերու գրաւումով հայ ժողովուրդին ազատ եւ անկախ հայրենիքի մէջ ապրելու անժխտելի իրաւունքի մասին, միւս կողմէ, դրամական եւ զինուորական օգնութիւնները թուրքը ոտքի կեցնելու եւ համաթրքութեան շարժումով պայքարելու Արեւմուտքի դէմ։ Սեղանապետ ընկ. Փալամուտեան խանդավառ մթնոլորտի մէջ ղեկավարեց խնճոյքը, ուր բոլոր ներկաներն ալ իրենց խօսքի, երգի եւ արտասանութեան բաժինն ունեցան։ Ազգային եւ կուսակցական երգերով շարունակուեցաւ երեկոն։