Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Համաշխարհային մամուլը եւ Ամերիկայի պետական շրջանակներ, խոր յոզումով արձագանգ հանդիսացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. շնորհազարդ Կաթողիկոսի վախճանման:

Հայութեան սուգը բաժնելով անոնք պարզեցին Զարեհ Կաթողիկոսի նկարագրային գիծերը: Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հեռագիր մը յղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ ժողովուրդի անունով ցաւակցութիւն յայտնելով:

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան միա բանական ժողովը դռնփակ նիստ մը գումարեց, լիբանանահայոց առաջնորդ Տ. Խորէն արք. Բարոյեանը 20-ի վրայ 19 ձայնով Կաթողիկոսական տեղապահ ընտրելով: Իր ընտրութենէն ետք տեղապահ սրբազանը ըսաւ «խորապէս զգացուած եմ միաբանութեան եղբայրներէս՝ ինծի հանդէպ ցոյց տուած եղբայրական ջերմ զգացումներու եւ վստահութեան համար: Կը զգամ այս ծանր դերը որ ստիպեցիք դնել իմ ուսերուս: Կը զգաք նաեւ դուք թէ որքան դժուարութիւններ կան մեր առջեւ, կաթողիկոսական մեր ընտրութիւնը կատարելու համար: Քառասուն օր-ւայ սուգէն ետք եւ կանոնագրի հիմամբ պիտի յառաջանանք նոր Կաթողիկոսի ընտրութեան»: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղապահի առաջին այցելութիւնը տրուած է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ֆուատ Շէհապի: Նախագահը կրկին խոր ցաւակցութիւններ յայտնած է Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի անակնկալ վախճանման առիթով իսկ տեղապահ սրբազանին մաղթած է որ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը փութով օժտուի նոր գահակալով մը: Ան յայտնած է թէ վախճանեալ կաթողիկոսը յարգուած էր բոլորին կողմէ ու սիրուած Լիբանանի ու Սուրիոյ երէկի եւ այսօրուայ բոլոր պատասխանատու դէմքերէն: Մեծ էր իր հմայքը օտար շրջանակներու մօտ, բայց աւելի մեծ էր իր ժողովրդականութիւնը որ կը վայլէր Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան մօտ, Հալէպի առաջնորդութեան իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան օրէն: