Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Մինչ Եւրոպա ցուրտէն կը սարսռայ, անդին  Հայաստան բաղդատաբար լաւ ձմեռ մը կ՛անցնէ: Արդարեւ, Միջերկրականէն, Անդրկովկասէն եւ Փոքր Ասիայէն տաք օդեր խուժած են Հայաստան Յունուարի ընթացքին:

Երեւան նոր տարուան տօնական օրերը անցուցած է առանց սպիտակ սաւանի: Ամէնէն տաք շրջանը արձանագրուած է Մեղրի՝ +22 աստիճան, ապա երկրին հիւսիսիարեւելեան շրջանները, որոնք ունեցած են +17 -18 աստիճան, Արարատեան դաշտը արձանագրած է +16 -17, իսկ Երեւան՝ +15: Վաթսուն տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ Երեւանի մէջ այսքան «տաք» կ՛ընէ:

Լորտ Պայրընի ծննդեան 175-ամեակին առթիւ  կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են անգլիացի մեծ գրողին գործերուն շքեղ, շատ անգամ նաեւ հազուագիւտ հրատարակութիւնները, օտար լեզուներով գրուած գիրքեր, ինչպէս նաեւ՝ գրողին գործերուն հայերէն թարգմանութիւնները: Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած հաւաքոյթը, ի պատիւ Ճեմարանի թերաւարտներուն, տեղի ունեցաւ 10 Փետրուարին, Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ: Հարիւրէ աւելի երկսեռ ճեմարանականներ, շրջանաւարտ թէ թերաւարտ, ներկայ եղան այս հաւաքոյթին եւ ընկերական ջերմ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ լաւագոյն ժամանցի պահեր ապրեցան: Միութեան ատենապետ տոքթ. Ե. Գոնեալեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Վարչութիւնը մտադրած է յաճախակի դարձնել այս հաւաքոյթները՝ ստեղծելու համար ճեմարանական սերունդի միջեւ ընկերական մնայուն կապ մը իր սեփական ակումբին մէջ: «Առաջին առթիւ, անկասկած դժուար էր 500-է աւելի ճեմարանականներու հասցէները ունենալ: Դժուարութիւններ ունեցանք ու մոռացումներ եղան: Քաջալերուած այսօրուան յաջողութենէն եւ ստեղծուած այս ջերմ մթնոլորտէն, ամէն ջանք պիտի թափենք, առանց բացառութեան բոլորին հասցէները ունենալու եւ իրականացնելու մեր ծրագիրը»: