Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Նիւ Եորքի «Տարտանէլ» ճաշարանին մէջ Հայ Գրագէտներու Բարեկամներու Միութեան կողմէ ճաշկերոյթ մը տրուած է ի պատիւ Շաւարշ Նարդունիի, մասնակցութեամբ մեծ թիւով մտաւորական եւ հանրային դէմքերու։

Շատեր ոտքի վրայ մնացած են։ Խանդավառ մթնոլորտի մէջ խօսք առած են միութեան ներկայացուցիչները եւ մասնակից մտաւորականները, ողջունելով գրագէտը եւ պատիւ ընծայելով անոր գործին։

Ֆրանսայի Վառ նահանգին զինուորական ամէնէն կարեւոր նաւահանգիստն է Թուլոն 120.000 բնկաիչներով։ Նշանաւոր է իր Արսէնալ նաւաշինարանը։ Քանի մը տասնեակ տարիներէ ի վեր 30-40 հայ ընտանիքներէ բաղկացած հայ գաղութ մը հաստատուած է այս շատ սիրուն քաղաքին մէջ։ Մեծամասնութեամբ արհեստաւորներ են, կան նաեւ մանր վաճառականներ։ Շատեր իրենց սեփական տուները շինած են եւ ընդհանրապէս բարեկեցիկ վիճակ մը ունին։ Հակառակ անոր որ ցրուած են քաղաքին մէջ եւ շրջակաները, մինչեւ անգամ մղոններով իրարմէ հեռու, անոնք գովելի գաղափարը յղացած են մատուռի մը հիմնարկութեան, որպէսզի գոնէ այդ փոքրիկ սրբավայրը, իրենց հայու հոգիներուն եւ սրտերուն վրայ պլպլացող անշէջ կանթեղ մը ըլլայ։ Մարսէյլէն, տօնական օրերու եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներու առթիւ, հոգեւոր հովիւ մը կþայցելէ պատարագելու այս գեղեցիկ մատուռին մէջ եւ հոգեւոր մխիթարութիւն տալու Թուլոնի հայ գաղութին։

Լիոնի մէջ մեծ շուքով տօնուած է հայ գրերու ստեղծիչ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակը։ Ներկայ եղած են աւելի քան հազար հայրենակիցներ։ Շատեր վերադարձած են՝ տեղի չգոյութեան հետեւանքով։ Հանդէսին ներկայ եղած եւ խօսք առած է Լիոնի քաղաքապետ պրն. Լուի Փրատէլ։ Յաջորդաբար խօսած են՝ Ֆրանսայի հայոց առաջնորդ գերշ. Տ. Սերովբէ արք. Մանուկեան, հայագէտ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտի եւ գրագէտ ընկ. Կարօ Մեհեան։ Գործադրուած է գեղարուեստական յատագիր մը։ Լիոնի պատկերասփիւռի կայանը եւ ֆրանսական թերթերը լայն տեղ տրուած են բացառիկ այս հանդիսութեան։