Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Փետրուարի սկիզբը, յաւիտենապէս իր աչքերը փակեց Եղսա Մայրիկը (Եաղճեան)։ Հայագաւառէն էր եւ ծնած Խարբերդի Քեսերիկ գիւղին մէջ։

Մեռաւ, նոյնպէս այդ հայագաւառին մէջ, զոր քառասուն տարիներ շարունակ ապրեցուց Հելլադայի պատմական քաղաքին՝ Կորնթոսի մէջ։ Այս քառասուն տարուան ընթացքին, քառասուն վայրկեան անգամ չապրեցաւ Կորնթոսի մէջ։ Ապրեցաւ Քեսիրիկի մէջ։ Ապրեցաւ իր ամբողջ հոգիով ու էութիւնով շաղախուած հայագաւառին հետ։ Ո՛չ միայն այդ, այլեւ այդ ապրումին հաղորդակից դարձուց իր զաւակները, թոռները եւ անմիջական շրջապատը։ Ան զինքը նետած էր ասպընջական Հելլադայի ափերը, ուր իր թերահաս զաւակներուն հետ հաստատուեցաւ հելլենական պատմական քաղաքին մէջ։ Աշխատեցաւ ու յաջողեցաւ ստեղծել փոքր Հայաստան մը, վերապրեցնելով Խարբերդը։ Պահեց հայկական աւանդութիւններն ու գաւառի սովորութիւնները, անոնց հաղորդակից դարձնելով նաեւ իր զաւակները եւ թոռները, որոնք այսօր եղած են տիպար հայեր։ Տիպար հայ մօր մը՝ հարազատները։ Մեր մայրենի լեզուն չդադրեցաւ երբեք գործածելէ եւ պարտադրեց իրենիներն ալ խօսին, կատարեալ խօսին հայերէն լեզուն։ Ան կþունկնդրէր հայ երգը եւ իր սենեակի գրադարանը լեցուն էր հայկական գիրքերով։ Անցեալ ամառ, Համազգայինի երգչախումբով զբօսապտոյտ մը ընթացքին դէպի Քսիլոքասթրօ, հանդիպեցանք Կորնթոսի մէջ Եղսա մայրիկին։ Քանի մը հոգիներ իջան ինքնաշարժէն եւ գացին ու Եղսա մայրիկին ձեռքը համբուրեցին։ Կիսովի կաթուածահար էր։ Իր աչքերը կենդանութիւն առին հայ տղաքը տեսնելով։ Խնդրեց որ բոլոր տղաքը իջնեն վար ինքնաշարժներէն, մտնեն իր տունը եւ հայերէն երգ մը երգեն։ Դժբախտաբար, ժամանակը չէր ներեր եւ խոստացան որ յաջորդ անգամին պիտի ըլլայ իր փափաքը։ Եղսա մայրիկը սակայն չսպասեց։ Աճապարեց եւ ինք գնաց հանդիպելու իր սրտահատորներուն, որոնք զոհերն եղած էին Ապրիլեան Եղեռնին։ Այսպէս, Եղսա մայրիկին փափաքը չիրագործուեցաւ։