Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Քուէյթի Հայ նորընտիր Ազգային վարչութիւնը ձեռնարկած է նոր գործի՝ գաղութը կազմակերպելու եւ առիթներ ստեղծելու, որպէսզի հայութիւնը խմբուի Ազգային վարժարանին շուրջ (քանի որ եկեղեցի չունինք տակաւին):

Եւ այս՝ զանոնք աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար համայնքը հետաքրքրող բոլոր հարցերուն, եւ մանաւանդ բոլորին գուրգուրանքին առարկայ դպրոցին բարոյական եւ տնտեսական կացութեան: Դեկտեմբեր 17-ին, հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, դպրոցի ընդարձակ ճաշասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ծնողական առաջին հաւաքոյթը, որուն ընթացքին դպրոցի տնօրէն Պարոյր քհնյ. Սարգիսեանի զեկուցումն ու մանկապարտէզի համար շինուած յատուկ զբօսանքի առարկաները բոլորին գնահատանքին արժանացան: Անցնող ամսուան ընթացքին Լիբանանի Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շաւարշ Թորիկեան (որ ներկայիս Քուէյթ կը գտնուի պետական խորհրդատուի բարձր պաշտօնով) այցելեց Ազգային վարժարան։ Ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ դպրոցական բոլոր հարցերով, ի մասնաւորի՝ կրթական մարզէն ներս տարուած աշխատանքներով: Առ այդ, իր թելադրանքները եւս ըրաւ՝ դպրոցը բարձրացնելու մանկավարժական արդի տուեալներով: Ազգային վարչութիւն, դպրոցի հոգաբարձութիւն եւ տիկնանց յանձնախումբ ժրաջան աշխատանքի լծուած են՝ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած Ազգային վարժարանի վերելքին ու պայծառացման: Վերոյիշեալ մարմիններուն առաջին մտահոգութիւնը եղած է դպրոցին նիւթական վիճակը բարելաւել, որովհետեւ ինչ որ կը գանձուի աշակերտներէն, իբրեւ թոշակ, հազիւ եղած ծախսերուն կէսը կրնայ հոգալ: Այս ուղղութեամբ վերոյիշեալ մարմինները գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էին Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առթիւ խրախճանքի երեկոյթ եւ հայկական հանդիպում մը կազմակերպելու, 3 Յունուար 1963: Տեղական իշխանութիւններու գիտակցութեամբ, սոյն հայկական հանդիպումը տեղի ունեցաւ 3 Յունուար 1963-ի Ազգային վարժարանի բակին մէջ: