Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Յունուար 6-ին, իր մահկանացուն կնքեց օր.Թէոտորա Ռայնէք, որ իր երկարատեւ կեանքի ընթացքին անկեղծօրէն եւ անձնուիրութեամբ ծառայած է հայ անտէր մանուկներու։

Օր. Ռայնէք առաջին անգամ 1895-ին, հազիւ 21 տարեկան, գացած է Թուրքիա, զբաղելու համար ողբախնամ գործերով։ Քսան տարի անընդհատ վարած է Պրուսայի Գերմանական որբանոցը, ուր իրենց աշակերտած են հարիւրաւոր հայ տղաք եւ աղջիկներ։ Յետոյ, գտնուած է Թուրքիոյ զանազան քաղաքները, միշտ որբախնամ գործերու բերումով։ Գերմանիա վերադարձին, քառասուն տարի շարունակ վարած է ընդհ. քարտուղարութիւնը «կիներու առեւտուրին դէմ պայքարի գերմանական ազգային կոմիտէին» որուն կողմէ իբրեւ պատգամաւոր մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ համաժողովներու։ Հաւասար դիւրութեամբ կը խօսէր գերմաներէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն։ Գիտէր նաեւ հայերէն, զոր սորված էր Թուրքիա։ Իր բազմազբաղ վիճակին հակառակ, օր Ռայնէք չէ մոռցած հայերը եւ մինչեւ վերջ զբաղած է հայ կարօտեալներով, մասնաւորաբար լիբանահայ որբերով, որոնց համար դրամ հաւաքած է Գերմանիոյ մէջ։

Նիւ Եորքի Արդիական Արուեստներու թանգարանին մէջ ցուցադրութեան դրուած են տաղանդաւոր հայազգի նկարիչ Արշիլ Կորքիի գործերէն բաւական նկարներ։ Ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 12։ Ամերիկան բազմաթիւ պարբերականներ, հրատարակած են Կորքիի նկարներէն նմուշներ եւ յօդուածներ, ներկայացնելով հայ նկարիչին արուեստը։ Արշիլ Կորքի ծնած է 1905-ին։ Հայրը հասած է Ամերիկա եւ հաստատուած նախ Փրաւիտենս եւ ապա Պոսթըն մինչեւ 1925։ 1948-ին, ինքնասպան եղած է Քոնեքթիքըթի մէջ, ինքզինքը կախելով։ Իր արուեստին մասին, զանազան հանդէսներու մէջ հրատարակուած են բազմաթիւ յօդուածներ։ Նոյնիսկ երկու գիրքեր լոյս տեսած են իր կեանքին մասին։ Այսօր, Արշիլ Կորքի կը նկատուի ամերիկեան արդի նկարչութեան թիւ մէկ հիմնադիրը։