Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Օր. Արտա Մանտիկեան, որ վերջերս Յունաստան եղած է, Յունուար 21-ին, Թեսաղոնիկէի Պետական Համանուագի տուած երգահանդէսին մէջ երգեց իբր մեներգու, ապրումի եւ զմայլանքի պահեր շնորհելով իր ունկնդիրներուն։

Ծանօթ է արուեստագիտուհի օր. Մանտիկեան ոչ միայն աթէնահայութեան, այլեւ Եւրոպական գլխաւոր քաղաքնրու երաժշտական շրջանակներուն։ Օր. Արտա Մանտիկեան հարազատ հայու զաւակ է։ Եւ, ուր որ գտնուած է, երբեք չէ փորձած ծածկել իր հայութիւնը։ Իր զգացումներով, հոգիով եւ ապրումներով մնացած է հայու զաւակ, հակառակ տարիներէ ի վեր օտար շրջանակներու մէջ գտնուելուն։ Հայութիւնը ժառանգած է իր ծնողքէն, մօրմէն եւ հօրմէն՝ տարաբախտ Մանտիկեանէն, որ Զմիւռնիոյ մէջ հանրային արդիւնաշատ գործունէութիւն ունեցած է եւ որ զոհ գացած է Փոքր Ասիոյ աղէտի ընթացքին։ Տակաւին մանուկ, Զմիւռնիոյ աղէտէն յետոյ, իր մօրը՝ տիկին Պէաթրիսի հետ փոխադրուած է Յունաստան։ Տիկին Պէաթրիս ինքն ալ հանրանուէր հայուհի մը, ձգտած է հայութեան դրոշմը դնել իր զաւկին հոգիին մէջ։ Օր. Արտա Մանտիկեան ունի առողջ գաղափարներ հայ կեանքը յուզող հարցերու մասին։ Փոքր տարիքէն հետեւած է Օտէոն Աթինոնի դասընթացքներուն, իբր ուսուցիչ ունենալով Էլվիրա տէ Հիտալկոն, որ եղած է նաեւ ուսուցիչը Մարիա Գալասի։ Օտէոնը աւարտելէն ետք տուած է շատ մը ռեսիթալներ։ Այցելած է Լոնտոն, Միայցեալ Նահանգներ, Գանատա, ուր տուած է բազմաթիւ ռեսիթալներ եւս։ Կարելի է ըսել թէ հայազգի արտուեստագիտուհին հելլէնական երգին հարազատ թարգմանն է արտասահմանի մէջ եւ այդ պատճառով իսկ մեածպէս սիրուած ու գնահատուած է հելլէն արտուեստագէտներու շրջանակներէն։ Ան արուեստի բարձունքներ հասնելէ յետոյ, «մնաք բարով» չըսաւ հայութեան։ Միայն այս պարագան բաւական է որ ջերմօրէն շնորհաւորենք զինքը եւ մաղթենք որ իր տաղանդը օգտագործէ նաեւ հայ երգի ածուէն ներս։