Կիրակի 27 Յունուար, Աթէնքի «Քենտրիքոն» ընդարձակ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Օր»ուան հանդիսութիւնը, երիտասարդութիւնը խորհրդանշող խանդավառ ու ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։
Հակառակ ցրտաշունչ օդին, Աթէնքի եւ Փիրէայի շըրջաններէն, 900 հոգիէ աւելի երկսեռ բազմութիւն մը լեցուցած էր սրահը։ Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ իր հետ ունենալով արժ. Տ. Ներսէս Ա. քհնյ. Խոշորեանը, Ազգ. Կեդր. վարչութիւնը, Յարանուանութեանց, Թաղային մարմիններու, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները։ Բեմին երկու կողմերը կը ծածանէին հելլենական դրօշը եւ հայկական եռագոյնը։ Բեմին ճակատը դրուած էր պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Ողջո՜յն գաղափարապաշտ երիտասարդութեան»։ Հանդիսութիւնը բացուեցաւ խորհրդապատկերով մը, որ խորապէս տպաւորեց հանդիսականները։ Մինչ խօսնակը՝ կþարտասանէր օրուան պատշաճ նշանաբաններ։ Վարագոյրը բացուեցաւ եւ 80 հոգիէ բաղկացած Համազգայինի երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Փափազեանի երգեց երկու ոգերգները ու շարք մը այլ հայկական երգեր։ Օրուայ նախագահ Յարութիւն Մէքթուպճեան, ըրաւ բացման խօսքը։ Յաջորդաբար, Սօնա Պէօրէքճեան եւ Կարօ Մարկոսեան արտասանեցին խոր ապրումով եւ ներշնչումով։ Յայտագրի երկրորդ մասին մէջ մեներգեց յունահայ գաղութի տաղանդաւոր երգչուհի Ծաղիկ Գազանճեան դաշնակահար երիտասարդ Յակոբ Ճէլալեանի ընկերակցութեամբ։ Օրուայ բանախօսն էր Կարապետ Գալֆայեան՝ շինիչ եւ թելադրական խօսքով։ Հանդիսութեան վերջաւորութեան Գոքինիոյ Սօսէ-Պալեան խումբին կողմէ տեղի ունեցաւ հայկական տոհմիկ պար մը։ Նախագահին շնորհակալութեան խօսքով փակուեցաւ Երիտասարդացի «Օր»ուան փայլուն հանդէսը։