Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հայաստանի նուագախումբի գլխաւոր ղեկավարը՝ Օհան Տուրեան, հինգ նուագահանդէսներ տուած է Լայփցիկի եւ Տրեզտենի մէջ:

Տեղւոյն գերմանական համանուագախումբերը Օհան Տուրեանի ղեկավարութեան տակ նուագած են Ռաւել, Շոսթաքովիչ եւ այն: Գերման թերթերը այս առթիւ գովասանքի տողեր նուիրած են հայ խմբավարին. այսպէս, Լայփցիկի «Ունիոն» թերթը գրած է, ի մէջ այլոց. «Մեզի անծանօթ հայ խմբավարը ապշեցուց բառին լաւագոյն իմաստով: Անոր ղեկավարութեան տակ Կեւանդհասուի նուագախումբը այս նուագահանդէսներուն ընթացքին հասաւ իր գագաթնակէտին»:

 

Դեկտեմբեր 30-ին Պէյրութէն Խորհրդային «Ճերճինսկի» նաւով դարմանումի համար դէպի Հայաստան ճամբայ ելած հայ երիտասարդ մը՝ Գէորգ Մինասեան, Հինգշաբթի, Յունուար 3-ին, երբ նաւը Փիրէա կը հասնի, սրտի ծանր տագնապ մը կ՛ունենայ եւ իսկոյն կը փոխադրուի Փիրէայի Զանիօ հիւանդանոցը: Ապա լուր կը տրուի Լիբանանի դեսպանատան, որ իր կարգին կը հեռաձայնէ առաջնորդ սրբազան հօր: Սրբազանը Գոքինիոյ թաղականութենէն եւ Հ Կ Խաչէն կը խնդրէ հետաքրքրուիլ հիւանդով: Ստեփան Մովսէսեան անմիջապէս կը փութայ հիւանդանոց, ուր կը տեսակցի հիւանդին եւ բժիշկին հետ, որ կը հաղորդէ, թէ՝ Մինասեանին վիճակը յուսահատական է: Տարաբախտ երիտասարդը Ծնունդին օրը, կէս գիշերուան մօտ, կը փակէ աչքերը: Յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կը կատարուի Երկուշաբթի ձեռամբ Գոքինիոյ հովիւ Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեանի եւ ի ներկայութեան Հ. Կ. Խաչի Գոքինիոյ վարչութեան բոլոր անդամներուն ու մէկ քանի հայրենակիցներու, Երմանիքայի գերեզմանատան մէջ: Հանգուցեալը 37 տարեկան էր, ամուսնացած եւ լիբանանեան հպատակ: Հայաստան կ՛երթար սրտի հիւանդութիւնը դարմանելու համար: Առաջնորդ սրբազանը Լիբանանի դեսպանատունէն խնդրած է հանգուցեալին գոյքերը հիւանդանոցէն վերցնել եւ Պէյրութ՝ իր ընտանիքին ղրկել: