Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Աւստրալիոյ Ազգային համալսարանի խորհուրդը որոշած է պատուոյ անդամ ընտրել աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանը։

Համապատասխան վկայագիրը պիտի յանձնուի Մարտ ամսուն, երբ Վ. Համբարձումեան Աւստրալիա պիտի երթայ մասնակցելու համար Միջազգային Աստղագիտական միութեան կազմակերպած գիտական համաժողովին։

Վերջերս, Մեսրոպ Մաշտոցի անունով վերամկրտուած Երեւանի Մատենադարանի տասը հազարէն աւելի հայերէն ձեռագիրներուն եօթը հազարին վրայ կան մօտ 40 հազար մանրանկարներ, որոնք կը պատկերացնեն կեանքին բազմազան երեւոյթները։ Արդարեւ, հին Հայաստանի պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն առատ նիւթ կուտան ձեռագիրներուն մէջ գծուած զէնքերուն եւ զրահներուն, զանազան գործիքներուն, տարազներուն, կենդանական եւ բուսական աշխարհին վերաբերեալ նկարներ։ Մօտերս, լոյս պիտի տեսնեն տասը տարիներու պրպտումներու եւ արտադրութիւններու արդիւնք եղող մանրանկարիչ եւ բանասէր Աստղիկ Գէորգեանի առանձին հաւաքածոները։ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցած են մանրանկարչութեան քանի մը նշանաւոր կեդրոններ՝ Անի, Հաղպաթ, Գլաձոր, Վան, Մեծոփ, Տաթեւ, Երզնկա, Կարին, Խրիմ եւայլն։ Այս կեդրոններուն մէջ ստեղծագործած են վարպետ մանրանկարիչներ՝ Ստեփանոս, Իգնատիոս, Գրիգոր Տաթեւացի, Ծերուն Ծղակող, Մկրտիչ Նագաշ, Թոմա Կաֆայեցի, Նագաշ Յովնաթան եւ ուրիշներ։ Մանրանկարչութեան իր հոյակապ գործերով յայտնի է Կիլիկեան դպրոցը, որ երկու հարիւր տարուան ընթացքին, տուած է միջազգային արժէքի հասած մանրանկարիչներու եզակի համաստեղութիւն մը։ Գոյութիւն ունեցող մանրանկարներուն մէջ կան նաեւ պատմական անձնաւորութիւններու դիմանկարներ, որոնց շարքին Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի, Մխիթար Հերացի, Սարգիս Պիծակ, Լեւոն Դ. եւ Հեթում թագաւորները, Գրիգոր Տաթեւացի եւ ուրիշներ։