Նոր տարիէն ի վեր աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ բազմաթիւ գուշակներ նախատեսութիւններ կ՛ընեն՝ ցոյց տալով 1963-ը իբրեւ բացառիկ տարի մը:
Բոլորն ալ կը յայտնեն, թէ բարօրութեան եւ խաղաղութեան տարի մը պիտի ըլլայ: Անուանի գուշակներ կը յայտնեն, թէ՝ - 1963-ին պատերազմ պիտի չըլլայ: Միջազգային տագնապներ պիտի ճնշեն ժողովուրդները, բայց երկպառակութիւնները պիտի նուազին: Յաջողութեան, բարգաւաճումի եւ խաղաղութեան տարի մը պիտի ըլլայ 1963-ը: Պերլինի կնճռոտ հարցը պիտի հարթուի իրաւախոհութեան դաշինքով մը՝ համաձայն փրոֆ. Լոուի: Ամէն մարզի մէջ 1963-ը խիստ բացառիկ տարի մը պիտի ըլլայ, կեանքը՝ դիւրատար: Ֆրանսայի տնտեսական կացութիւնը պիտի բարգաւաճի՝ երկրագործական եւ ճարտարարուեստական յառաջդիմութիւններու շնորհիւ: Գիներու բարձրացումը կայուն վիճակ մը պիտի ստանայ: Համաձայն Լինա Քարմովի, Փետրուար ամսուն հրապարակը պիտի ոգեւորուի: Կառավարութեան միջամտութեան շնորհիւ՝ առաջքը պիտի առնուի գործադուլներու: Բազմաթիւ ֆրանսացիներ Գերմանիա պիտի երթան աշխատելու համար. ֆրանսացիք պիտի օգնեն գերմանացիներուն՝ դիմագրաւելու համար իրենց տնտեսական դժուարութիւնները: Ֆրանսա եւ Գերմանիա Եւրոպայի երկու առաջնորդ երկիրները պիտի հանդիսանան ու պիտի կարգադրեն ցարդ առկախ մնացած բոլոր խնդիրները: Խրուշչեւ եւս պիտի հրաժարի առողջական պատճառներով: Արուեստի գետնի վրայ 1963-ը յիշատակելի տարի մը պիտի ըլլայ, մասնաւորաբար՝ երաժշտական ճիւղին համար: Լինա Քարմով կը գուշակէ, թէ դաշնակի եւ ջութակի նոր վիրթիւօզներ երեւան պիտի գան: Համաձայն Ֆրետերիքայի, երգահաններ պիտի հակին դէպի դասական երաժշտութիւնը եւ պիտի վերանորոգեն օփերան: Նոր արուեստագէտներ պիտի ծնին եւ գլխաւորաբար նոր երգչուհի մը պիտի փայլի: Ձմեռը խիստ պիտի ըլլայ: 1963-ի ամէնէն կարեւոր եւ բացառիկ գուշակութիւնը կը կազմէ քաղցկեղի դարմանումը: Ժանն-Ֆրամինէ կը գուշակէ, թէ 1963-ին քաղցկեղի դարմանումը պիտի գտնուի վերջնականապէս: