- Յունուար 2-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ սկաուտական խումբերը, Ամանորի առթիւ սկաուտական հաւաքոյթ մը ունեցան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ, որ տօնական օրերու առթիւ գեղեցկօրէն զարդարուած էր։ Հաւաքոյթին ներկայ էին Ֆիքսի քհնյ. Միսաքեան, Յակոբեան վարժարանի տնօրէն պրն. Օննիկ Զաքարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ։ Սկաուտ խմբապետ եղբ. Պերճ
Գրիգորեան սկաուտական խումբերու անցեալ տար-ւան գործունէութեան շուրջ զեկուցում մը տուաւ եւ ապա՝ պարզեց 1963-ի աշխատանքի ծրագիրը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութեան կողմէ խօսեցան՝ ատենապետ եղբ. Պ. Սարգիսեան եւ ատենադպիր Դ. Դանիէլեան։ Օրուան խօսողն էր տնօրէն պրն. Օննիկ Զաքարեան, որ շեշտեց թէ մեզի համար ազգային եւ միջազգային տեսակէտէ խիստ օգտակար է սկաուտիզմը։ Աւագ սկաուտ խմբապետ եղբ. Լեւոն Գայեան եւս իր կարգին թելադրանքներ ըրաւ սկաուտներուն։ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. օրհնեց Կաղանդի կարկանդակը եւ ինքն ալ յաջողութիւն մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն։ Յետոյ եղբ. Պ. Սարգիսեան եւ եղբ. Լեւոն Գայեան կտրեցին կարկանդակը որը բաժնուեցաւ սկաուտներուն։
- Օդային կազի «Բեթրոկազ» ընկերութեան կողմէ, Թեսաղոնիկէի մէջ, օդային կազի մեծագոյն սպառումը ունեցող հինգ վաճառատուներու միջեւ վերջերս կազմակերպուած մրցումին մէջ առաջնութիւնը շահած է մեր ընկերներէն՝ Օննիկ Գասպարեանի ջեռուցումի կազմածներու, ձայնասփիւռի գործիքներու եւ խոհանոցի այլ պիտոյքներու վաճառատունը։ Ընկ. Գասպարեան այս առթիւ տիրացած է «Բեթրոկազ»ի տրամադրած հինգ հազար տրախմի դրամական պարգեւին եւ գնահատական վկայականի։