Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած համամիութենական երաժշտական տասնօրեայ մրցումին, որուն մասնակցած են 1200 սկսնակ եւ արհեստով երաժիշտներ, մեծ յաջողութիւն ունեցած են Հայաստանի ութ ներկայացուցիչները:
Ութ հայ երգահաններն ալ շահած են զանազան մրցանակներ եւ վկայականներ: Ներկայացուած 12 համանուագային շարադրութեանց մէջ, Ա. մրցանակը շահած է Էտկար Յովհաննիսեան եւ Բ. մրցանակը‘ Կոնստանդին Օրբէլեան: Սենեկային նուագի (միւզիք տը շամպրը) յօրինումներուն մէջ, Էդուարդ Խաղագործեան արժանացած է երկրորդ մրցանակին՝ իր դաշնակի հնգանուագով (քենթեթ): Երրորդ մրցանակը շահած է Աւէտ Տէրտէրեան՝ «Հայրենիք» ձայնաւոր համանուագային երկերու շարքին համար: Առաջին կարգի պատուոյ վկայականներ ստացած են Գ. Հովունց (լարային քառանուագ), Հայաստանի երաժիշտներու միութեան կրտսեր անդամը Է. Յարութիւնեան (ջութակի եւ դաշնակի երկ), ուսանող Տիգրան Մանսուրեան (լարային քառանուագ): Մրցումին մասնակցող միւս հայ երաժիշտները ստացած են առաջին, երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի պատուոյ վկայականներ: Մրցանակներու թիւով Հայաստան երկրորդ տեղը գրաւած է: Առաջին հանդիսացած է Էսթոնիա, երրորդը՝ Ատրպէյճան:
Պոսթընի մեր պաշտօնակից «Հայրենիքի» խմբագիր վաստակաւոր գրագէտ եւ հրապարակագիր ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանի դառնաւէտ մահուան առթիւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն սուգի շաբաթ յայտարարած է, եւ յետաձգել հրահանգած է բոլոր տեսակի հաւաքոյթներն ու տօնակատարութիւնները։ Ընկ. Գուրգէն Մխիթարեանի մահուան առթիւ ցաւակցութիւններ ուղարկած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհաբար հայրապետ Զարեհ Ա.-ը, ՀՕՄ¬ը ինչպէս նաեւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ. Գթ. խաչը։