Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պոլսոյ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ հետեւեալ հեքիաթը.- Կին մը, որ ասկէ յիսուն տարի առաջ հինգ տարեկան եղած ատեն Ֆրանսա առեւանգուած էր, երէկ առաւօտ իր ամուսնին եւ փեսային հետ երկիր վերադարձաւ:

Բայց նկատելով, որ ներկայիս Ռեբեկա Տօնիկեան անունը կրող այդ կինը ոչ մէկ երկրի անցագիր ունի, Եշիլ գիւղի անցագիրի պաշտօնեաները զինքը անմիջապէս սահմանէն դուրս հանել ուզեցին, բայց ներքին նախարարութիւնը արտօնեց, որ կինը երկու օր եւս մնայ Թուրքիա:
Տիկին Տօնիկեան թերթի թղթակցին յայտնած է, թէ ծագումով թուրք եւ իսլամ է, հակառակ իր հայու անունին ան տուած է իր ազգականներուն անունները Թուրքիոյ մէջ եւ հետեւեալ ձեւով պատմած է իր հայացման պատմութիւնը:- Ընտանիքս, որ աղքատ էր, զիս իբրեւ հոգեզաւակ յանձնած էր զինուորականի մը ընտանիքին, որուն հետ Պոլիս եկանք Էտիրնէէն, Պեշիկթաշ հաստատուեցանք: Այդ օրերուն, Անատոլուի կարգ մը նահանգներուն մէջ հայերու եւ թուրքերու միջեւ պայքարը եւ վէճը կը շարունակուէին: Պոլսոյ մէջ ալ անգլիական գործակալները հայերը հովանաւորելով անոնց կ՛օգնէին, որ Եւրոպա փախչին: Այդ օրերուն, երբ կը խաղայի թաղին մէջ, անգլիացիները զիս հայ կարծելով առեւանգեցին ու յանձնեցին հայ ընտանիքի մը, որ Թուրքիայէն խոյս կու տար: Բնիկ ատանացի ընտանիքին հետ Ֆրանսա գաղթեցինք ու Փարիզ հաստատուեցանք: Հակառակ անոր որ հոն ամբողջովին հայերու հետ ապրեցայ ու Տօնիկեան անունով հայու մը հետ ամուսնացայ, օր մը իսկ չմոռցայ թրքութիւնս, երկար տարիներ ջանացի գտնել ընտանիքիս անդամները եւ վերջապէս անցեալները գտայ մեծ եղբայրներս եւ մեծ քոյրս:

Լիբանանի Օգնութեան խաչի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ քառաձայն համերգ՝ կատարմամբ «Կոմիտաս» երգչախումբին: Երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի եւ կազմուած՝ հայ երգը սիրող երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ, ի յիշատակ եւ ի մեծարումն անմահ Կոմիտասին, եզակի վայելք մը բերաւ ձեռնարկին: