Փարնասոսի սրահին մէջ, հայ երգը սիրող երկսեռ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան եւ փայլուն յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեանի հայկական երգահանդէսը։
Տիկին Գազանճեան անգամ մը եւս ապացուցանեց թէ՝ Սփիւռքի մեր ամէնէն օժտուած եւ արժէքաւոր երգչուհիներէն մէկն է։ Ունկնդիրները երկարատեւ եւ բուռն ծափերով յայտնեցին իրենց անվերապահ գնահատանքը՝ յայտագրի բոլոր երգերու գրեթէ անթերի կատարման համար։ Տիկին Ծաղիկ ապրումով եւ արուեստով երգեց յայտագրի տասնըութը երգերը, զորս ընտրած էր հայ երգահաններու լաւագոյն գործերու մէջէն։ Ունկընդրիները մասնաւորաբար ծափահարեցին Կոմիտասի, Տիգրանեանի եւ Փափազեանի գործերը - Կռունկը, Ուռին եւ Ես իմ անուշ Հայաստանինը։ Տիկին Գազանճեան արուեստի շունչով օծեց սրահը եւ ունկնդիրներու հոգիները, անոնց պարգեւելով ապրումի եւ ինքնամոռացումի պահեր։ Տիկին Ծաղիկ ստացաւ չորս գեղեցիկ ծաղկեփունջեր Համազգայինէն, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութենէն, Հ. Կ. Խաչի Գալիթէա¬Մոսխաթոյի վարչութենէն եւ Գ. Պօղոսեան ընտանիքէն։ Երգչուհին՝ դաշնակով ընկերացաւ պրն. Յակոբ Ճելալեան, որ նոյնպէս արժանացաւ բուռն ծափերու։ Երգահանգէսին ներկայ էին նաեւ բաւական թիւով հելլէն եւ օտար արուեստագէտներ եւ երաժշտասէրներ, որոնք եւս, աւարտումէն ետք, իրենց անկեղծ հիացումը յայտնեցին տաղանդաւոր երգչուհիին՝ սքանչելի ձայնին եւ բարձր արուեստին համար։
Զաւարեան սրահին մէջ, մեծ թիւով հանդիսականներու ներկայութեան եւ բացառիկ յաջողութեամբ, Գոքինիոյ լաւագոյն ուժերուն կողմէ ներկայացուեցաւ պոլսահայ կեանքէ առնուած երեք արարնոց քրքչալիր զաւեշտը «Ամերիկահայ փեսացուն կամ՝ Տայի Կարապետ»։ Դերակատարներն էին՝ ընկերներ եւ ընկերուհիներ.- Սոնա Թերզեան, Մանիշակ Սլտրեան, Մկրտիչ Ապաճեան, Գրիգոր Գրիգորեան, Յարութիւն Սարաճեան, Յարութիւն Էրկէնեան եւ Մատթէոս Աջապահեան՝ յուշարար։