Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ներկայիս Հայաստանի մէջ կը տպագրուի տասը հազար հայ երեւելի մարդոց կենսագրութիւններու բառարանը, որ կ՛ընդգրկէ անձնաւորութիւններ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը:

Կենսագրութիւնները գրուած են պատմագիրներու, մատենագիրներու, լրագրողներու, խմբագիրներու, նկարիչներու, գրողներու, բանաստեղծներու, գիտնականներու, մտաւորականներու եւ այլ մարզերու երեւելի հայերու մասին: Այս բառարանը լոյս կը տեսնէ 1963-ի սկիզբը:

 

«Արեւելք» մարզաշխարհ»- ի խմբագիր Զաւէն Սապունճեան Պաղտատէն կը գրէ. ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը, եւ անոր ընկերացող ՀՄԸՄ-ականները 5 Դեկտեմբեր 1962-ին, հանգիստ հասան Պաղտատ եւ կայարանին մէջ արժանացան սրտբաց ընդունելութեան: Դիմաւորութեան ներկայ եղան իրաքեան ոստիկանական խումբին պատասխանատուները, խումբին բոլոր անդամները, Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը քաղաքին այլ խումբերուն ներկայացուցիչները եւ պաղտատցի մեծ թիւով հայեր: ՀՄԸՄ-ի տղաքը, Պաղտատ ժամանելէ ետք առաջին առիթով այցելեցին սուրիական դեսպանատունը, ապա այցելեցին իրաքեան խումբին կեդրոնը, եւ Պաղտատի ընդհ. ոստիկանապետին: Պաղտատի ժողովուրդը շաբաթներէ ի վեր անհամբեր կը սպասէ տեղի ունենալիք մրցումներուն: Ժողովրդային աննախընթաց խանդավառութեան մէջ պիտի կատարուին ՀՄԸՄ-ի եւ իրաքեան խումբին մրցումները:

 

Վերջերս, Հայաստան այցելած են անգլիացի գրագէտ մը՝ Ճոն Փրեսթլի եւ իր կինը՝ Ճ. Հոքսի, «Օպզերվըր» թերթի հնագիտական բաժնի թղթակիցը։ Գրական զրոյցներու առընթեր, անգլիացի հիւրերը այցելած են Արինբերդ, ուր Ուրարտուի պատմութեան վերաբերեալ շահեկան տեղեկութիւններ հաղորդած է ակադեմական Կ. Յովհաննէսեան։