Հոկտեմբերի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի շարժարուեստի աշխատողներու առաջին համագումարը։ Օրակարգի առաջին հարցը եղած է զեկուցում հայկական շարժարուեստին մասին։ 1923ին հիմը դրուած է «Հայկինօ» կազմակերպութեան։
Առաջին ժապաւէնը՝ «Նամուս» համր էր։ Անկէ ետք յաջորդաբար հրապարակ ելած են՝ «Զարէն», «Չար ոգին», «Մեքսիկական տիպլոմատները», «Գիքորը» եւ այլ ժապաւէններ։ 1935ին «Հայկինօն» հրապարակ հանած է իր առաջին խօսուն ժապաւէնը՝ «Պեպօ», յետոյ «Դաւիթ Բէկ»ը եւայլն։ Իր հիմնադրութենէն ի վեր ընկերութիւնը հրապարակ հանած է վաթսունէ աւելի գեղարուեստական եւ քանի մը տասնեակ փաստանկար ժապաւէններ։ Այս զեկուցումէն ետք, զեկուցաբերը՝ Ս. Գէորգով, անդրադարձած է շարժարուեստի զարգացման հետ կապ ունեցող խնդիրներուն, միաժամանակ մատնանշելով այն խոչընդոտները, որոնք արգելք կþըլլան հայկական շարժարուեստի յառաջդիմութեան։ Այսպէս, ըստ զեկուցաբերին, կը պակսին անհրաժեշտ սարքաւորումները, գոյութիւն չունին արուեստանքի ¥թեքնիկ¤ յարմարութիւններ, որոնց պատճառով նկարահանումները կը կատարուին աննպաստ պայմաններու տակ։ «Առանձնապէս կրաւորական դիրք բռնած են գրողները, որոնք համարեա չեն մասնակցիր արուեստանոցի ստեղծագործական աշխատանքներուն»։ Մտքերու փոխանակութեան ատեն, քանի մը գրագէտներ խօսած են բեմադիրներու եւ բեմագիրներու յարաբերութիւններու հարցին մասին։ Մատնանշած են թէ «Հայֆիլմը» բաւարար չափով ուշադրութիւն չի դարձներ բեմադրութիւններո որակին, եւ այս պատճառով յաճախ հրապարակ կը հանուին անմշակ եւ խեղճ նիւթեր շօշափող ժապաւէններ։ Բեմադրիչները իրենց կարգին գանգատած են թէ չունին աշխատանքի տարրական յարմարութիւնները։ Ծանօթ դերասան Ա. Կոթիկեան խօսած է արտասահմանի հա-յութեան նուիրուած ժապաւէններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին։