Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ակադեմիայի պատմութեան կաճառը գիտական նիստ մը գումարած է Զէյթունի 1862-ի ապստամբութեան 100 ամեակին առթիւ։

Օրուան նախագահներէն՝ ակադ. Վիքթոր Համբարձումեան, իր բացման խօսքին մէջ նշած է 1862ի ապստամբութեան համաժողովրդական, ազգային-ազատագրական բնոյթը։ Այնուհետեւ նիւթին շուրջ դասախօսութիւններ կարդացած են ծանօթ ակադեմականներ եւ պատմագէտներ։ Այս առթիւ, Ուրուկուէյի Զէյթունցիներու հայրենակցական միութեան ատենապետը Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիային նուիրած է Զէյթունի համայնապատկերը, Զէյթունցիներու դրօշը եւ նկարազարդուած սափոր մը։

Երեւանի մէջ, վերջերս, պաշտօնական հանդիսութեամբ տօնուած է հայկական հեռագրական գործակալութեան հիմնադրութեան 40ամեայ յոբելեանը։ Արդիական բոլոր յարմարութիւններով եւ կազմակերպչական մեքենայով օժտուած այս գործակալութիւնը տեղական բոլոր լուրերը կը փոխանցէ Մոսկուա, եւ արտասահմանեան բոլոր տեղեկութիւնները կը ստանայ Մոսկուայի Թասի գործակալութեան ճամբով։

Հայաստան ներածուած փայտին մօտ քսան տոկոսը կը փճանայ անփութիւթեան հետեւանքով, կը գրէ «Սով. Հայաստան»ի սեփական թղթակիցը՝ Ս. Զալումեան։ «Սով. Հայաստան» իր կարգին յատուկ խմբագրականով մը խիստ քննադատութեան կ'ենթարկէ կահոյքի, կօշիկի եւ հիւսուածեղէնի գործարանները, որոնց արտադրութիւնները «անճաշակ, հնաձեւ եւ ցածրորակ» են։

Գրագէտներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, Հայաստանի մտաւորականներուն կողմէ խօսք առած են Էդ. Թոփչեան, Գ. Սարեան, Ս. Տարօնցի եւ Վ. Նորենց։ Արտասահմանի հիւրերէն՝ Աշոտ Պատմագրեան խօսած է հայ երաժշտութեան, գրագէտ՝ Կ. Փօլատեան հայ-ֆրանսական գրական կապերուն մասին։ Խօսած է նաեւ պարսկահայ բանաստեղծ Դիւ ¥Մ. Ղարաբէկեան¤։