Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Պարսկաստանի Ղաբաղանի շրջանի հայ աղէտեալներուն օգնութեան գործը առաջ կը տարուի մեծ հոգածութեամբ։ Գործի լծուած են Թեհրանի ազգային իշխանութիւնը եւ բարեսիրական ընկերութիւնները։

Ինչպէս յայտնի է, այդ աղէտը 46 հայ զոհեր խլեց եւ 600 հայեր մնացին բոլորովին անպատսպար եւ հացակարօտ, կորսնցուցած ըլլալով իրենց տուները, ամբողջ ստացուածքը, ու շատեր՝ իրենց հարազատները եւս։ Առաջին օգնութեան կոչին պատասխանելով Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը 1000 տոլար փութացած էր տալու Թեհրանի առաջնորդին։ Բացի այդ, Օգն. Խաչի Կեդր. վարչութիւնը իսկոյն գործնական քայլեր առած է Պարսկաստան ղրկելու համար բրդեղէն զգեստներ։ Օգն. Միութեան Ամերիկայի բոլոր մասնաճիւղերը այս ուղղութեամբ գործի լծուած են։ Կազմուած է Պարսկաստանի աղէտեալներու օգնութեան ամերիկեան յանձնախումբ մը, նախագահութեամբ պրն. Ճորճ Մարտիկեանի։ Օգն. Միութեան Կեդր. վարչութիւնը միշտ շփման մէջ է պրն. Ճորճ Մարտիկեանի հետ՝ հաւաքուած զգեստեղէնները ապահով հասցնելու համար Թեհրան։ Հայ Օգնութեան Միութեան Պարսկաստանի մասնաճիւղերն ալ գործի լծուած են՝ օգնութեան հասցնելու համար աղէտեալներուն։

Օդային գծով Նիւ Եորքէն Աթէնք ժամանեց ազգային բարերար եւ ԱՆՉԱ¬ի նախագահ պրն. Ճորճ Մարտիկեան, որ մէկ քանի օր պիտի մնայ Աթէնք։ Պ. Մարտիկեան օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ՝ թեմակալ առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեանի, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեանի, ազգ. կեդր. վարչութեան, կրթ. եւ տնտ. խորհուրդներու, Թաղ. Մարմիններու, «Ազատ Օր»ի, Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդացի ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազգայիններու կողմէ։ Պրն. Մարտիկեանը դիմաւորելու փութացած էին նաեւ՝ ՄԱԿ-ի Գաղթականական գրասենեակի ընդհ. տնօրէնը։ Յաջորդ օրերուն յարգելի հիւրը այցելեց «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը ու ապա «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանը։