Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Յ. Դ. Գալիֆորնիոյ շրջանի Գ. Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցած է հոն, խանդավառ մթնոլորտի մէջ։

Ժողովին ներկայ եղած է նաեւ ընկ. Յովհ. Տէր Յովհաննէսեան, որ կը ներկայացնէ Հ. Յ. Դ. Գերագոյն Մարմինը եւ Հիւս. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէն։ Բացումը կատարած է՝ Սան Ոգին Հովտի Միջվարչականի ատենապետը ընկ. Վահրամ Յարութիւնեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։ Բարի գալուստի ուղերձ մը խօսած է նաեւ ընկ. Զ. Զարգուն, Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչը։ Ընկ. Յովհ. Տէր Յովհաննէսեան, ողջունած է Պատգ. ժողովը «այն գիտակցութեամբ, որ տարուան մը բեղուն՝ Հ. Յ. Դ. իտէալներուն հաւատարմութեամբ կատարուած աշխատանքներուն հաշուետուութիւնը պիտի դառնայ առիթ մը, հաւատաւոր աշխատանքի նոր շրջան մը եւս սկսելու»։ Պատգ. ժողովը եղած է դռնբաց։ Վարչական եւ յարաբերական զեկուցումներէն ետք, պատգ. ընկերները տուած են համապատասխան որոշումներ, յառաջիկայ շրջանի կուսակցական, հանրային աշխատանքներու համար։ Պատգ. ժողովի ընթացքին, մասնաւոր կերպով նկատի առնուած է Հայ Դատի հետապնդման հարցը։ Երեք օրուան աշխատանքներէ ետք, Պատգ. ժողովը վերջ գտած է, ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ, ընտրելով նաեւ նոր շրջանի Կեդր. կոմիտէն։ Ժողովի փակման առթիւ ուղերձներ ըրած են՝ ընկերներ Յովհ. Տէր Յովհաննէսեան, Ե. Ֆընտգեան, Յ. Թաշինեան, Ա. Ամուրեան եւ Ս. Սարունի։ Օրուան նախագահ ընկ. Կարօ Գավաֆեան ըրած է փակման խօսքը։

Հ.Յ.Դ. Գալիֆորինիոյ շրջանին Գ. Պատգ. ժողովի առթիւ, այցելութիւն մը տրուած է՝ ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին, մասնակցութեամբ բազմաթիւ ընկերներու։ Կրօնական արարողութենէն ետք, ընկ. Յովհ. Տէր Յովհաննէսեան խօսած է՝ յանուն Հ. Յ. Դ. Գերագոյն Մարմնին եւ Պատգ. ժողովին, պանծացնելով մեր անմահ ընկերը, որ երկու միլիոն հայ նահատակներու վրէժը լուծեց։ Սողոմոնը ¬ըսած է ընկ. Տէր Յովհաննէսեան¬ ինչքան հայ ժողովուրդինն է, նաեւ մեր կուսակցութեան կը պատկանի, որովհետեւ անոր  կազմակերպութեամբ յաջողեցաւ գլուխ հանել իր նուիրական առաքելութիւնը։