Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Սովիէթական Թաս գործակալութիւնը Երեւանէն կը հաղորդէ թէ՝ Խաղաղութեան Սովիէթական Կոմիտէն ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի յանձնած է պատուոյ վկայական, համաշխարհային խաղաղութեան եւ ամբողջական ապագինման ի նպաստ անոր տարած աշխատանքներուն ի գնահատութիւն։ Նոյն վկայականին

արժանացած են նաեւ՝ բեմադիր Վարդան Աճէմեան, երգահան Էտկոր Յովհաննիսեան, բանաստեղծ Գէորգ Էմին, արուեստի պատմագիր Ռուբէն Պարսամեան եւ այլ անձնաւորութիւններ։

- Կիպրոսէն վերջերս հայրենիք մեկնած 350ի մօտ հայերը Պաթում հասած եւ դիմաւորուած են հազարաւոր հայերու, ռուսերու եւ վրացիներու կողմէ։ Պաթումի մէջ, Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչի կողմէ եղած յայտարարութեան համաձայն, ներգաղթողները պիտի հաստատուին Լենինական եւ Կիրովական, ուր անմիջապէս բնակարան պիտի ունենան։ Կիպրոսէն կատարուած այս ներգաղթին անդրադառնալով՝ Անգլիոյ կարեւոր օրաթերթերէն «Կուարտիըն» կþընդգծէ թէ՝ այս ներգաղթողները «համայնավար չէին» բայց, Մեծն Բրիտանիա, երբ Կիպրոսի շուրջ բանակցութիւններ վարեց Յունաստանի եւ Թուրքիոյ հետ, բոլորովին անտեսեց հայերը։ Հիմա, Անգլիա Կիպրոսի եւ Միջին Արեւելքի հայերուն դիւրութիւններ կուտայ Անգլիա հաստատուելու համար, բայց, քիչ մը ուշ է այլեւս...

- Պոսթընի պաշտօնակից «Հայրենիք»ի մէջ կը կարդանք. 7 Հոկտեմբերին, ընկրներու եւ համակիրներու բացմութեանց ներկայութեան Նիւ Եորքի, Ֆիլատելիֆիոյ, Շիքակոյի եւ Տիթրոյիթի շրջաններուն մէջ՝ տեղի ունեցան հրապարակային կարեւոր ժողովներ՝ ուր յաջորդաբար խօսեցան ընկերներ Մինաս Թէօլէօլեան, Յակոբ Խաշմանեան, Արթըր Կիրակոսեան եւ Հրայր Խանպէկեան։ Հ.Յ.Դ. տեղական կոմիտէներու եւ Կեդր. Կոմիտէի կազմակերպած այս ժողովները՝ ժողվրդային եւ համակիր շրջանակներո հետ անմիջական շփումի եւ ազգային, հանրային ու քաղաքական կարեւոր հարցերու շուրջ հաւաքական արտայայտութեանց առիթներ եղան։