Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ուաշինկթըն նահանգի Բժշկական ընկերակցութիւնը իր համագումարն ունեցաւ վերջերս Սիէթըլի մէջ:

Այլ գիտնականներու շարքին, նոյն համագումարին խօսելու հրաւիրուած էր օքլընտցի (Քալիֆորնիա) երիտասարդ հայ բժիշկ Ճան Ս. Նաճարեան, որ 550 բժիշկներու ներկայութեան իր զեկոյցին մէջ յայտարարեց, թէ տասը-տասնհինգ տարիէն կարելի պիտի ըլլայ երթալ մարդկային մարմնի գործարաններու պահեստ մը (պանքա) եւ առնել նոր սիրտ մը, կամ լեարդ մը կամ երիկամունք մը, ու զայն պատուաստել ապրող անձի մը, եւ այս գործարանը պիտի ապրի, ինչ որ ներկայիս կարելի չէ: Այսօր յաջողապէս չենք կրնար մարդու մը մէկ գործարանը պատուաստել այլ անձի մը‘ բացի այն պարագայէն, երբ երկու անձերն ալ յարեւնման երկուորեակներ են: Դժուարութիւնը պատուաստի մեթոտին մէջ չէ, այլ՝ պատուաստեալ մարմինը ապրեցնելուն մէջ, կ՛ըսէ բժիշկ Ս. Նաճարեան: «Հիւրընկալը» կամ մարմինը որուն կը պատուաստուի այլ մարմնի մը մէկ գործարանը կամ մասը, կը հակազդէ ասոնց՝ իբրեւ օտար նիւթի մը, ինչպէս՝ փրոթէինի կամ մանրէի մը պարագային: Ան անմիջապէս կը սկսի պատրաստել պաշտպանողական նիւթեր կամ էնթիպոտներ՝ սպաննելու օտար հիւսուածքը, եւ կարճ ժամանակի մէջ պատուաստեալ օտար գործարանը կը մեռնի: Արդի գիտութիւնը, կը բացատրէ բժիշկ Ս. Նաճարեան, երկու ուղղութիւններով կ՛աշխատի՝ լուծելու այս հարցը: - Կա՛մ պէտք է «խաբենք» հիւրընկալ մարմինը (այն, որուն կը պատուաստուի այլ մարմինէ մը առնուած գործարան մը) այնպիսի կերպով մը, որ ան «չճանչնայ», թէ պատուաստուած գործարանը օտարի մը կը պատկանի, եւ կամ պէտք է կերպով մը տկարացնենք անոր օտար հիւսուածքներ սպաննելու կարողութիւնը: Բժիշկ Ճան Ս. Նաճարեան ներկայիս գիտական հետազօտութիւններ կը կատարէ Լա Յոլայի (Քալիֆորնիա) Բժշկական եւ գիտական հաստատութեան մէջ եւ շուտով պիտի միանայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի հիւանդանոցի բժշկական կազմին: