Տիտիմոթիխոյի Ազգային Իշխանութիւնը, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի ալ գնահատելի եւ գովելի գաղափարը ունեցած էր, քաղաքին Ս. Գէորգ եկեղեցիի անուանակոչութեան տօնին առթիւ,
հրաւիրելու Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Այվազեանը՝ ս. պատարագ մատուցանելու։ Ուրբաթ օրուընէ արդէն զանազան շրջաններէ սկսած էին հասնիլ ուխտաւորները եւ ըստ մեր հնաւանդ սովորութեանց՝ գիշերել եկեղեցիին մէջ։ Երեկոյեան՝ նախատօնակի ժամերգութիւնները կատարեց շրջանիս շրջուն հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեան, որ ապա կատարեց Թեսաղոնիկէէն մինչեւ Նէա Օրէսթիատա բնակող հաւատացեալ ազգայիններու կողմէ նուիրուած մատաղցու եօթը խոյերու եւ աղի օրհնութիւնը։ Ապա տեղի ունեցաւ մատաղցուներու զենումը։ Մատաղը եփելու համար իր տունը սիրայօժարօրէն տրամադրած էր, ինչպէս ամէն տարի, տիկ. Նազելի Անտոնեանը։ Կ'արժէ նշել թէ այս տարի Ս. Գէորգ եկեղեցին նորոգութեան ենթարկուեցաւ։ Պարտէզին քանդուած դուռը գեղեցիկ երկաթէ դուռով մը փոխարինուած է, պարտէզը ծաղիկներով ու ծառերով զարդարուած եւ այդ հեռաւոր ու դժուարին բարձրութեան վրայ ջուրի աղբիւր մըն ալ հաստատուած էր, շնորհիւ Ազգ. Իշխանութեան անխոնջ անդամներուն՝ պրն. Յարութիւն Տիշլեանի եւ Յակոբ Երամեանի ջանքերուն։ Շաբաթ կէսօրին սրբազանը դիմաւորուեցաւ Աղեքսանտրուպոլսոյ օդակայանին մէջ, Տ. Շահէ քհնյ. Գալայճեանէն եւ Աղեքսանտրուպոլսոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ դպրապետ պրն. Թադէոս Թադէոսեանէն։ Սրբազան հայրը ուղուեցաւ դէպի Տիտիմոթիխոյի Ս. Գէորգ եկեղեցի ուր եւ կատարեց եկեկոյեան ժամերգութիւնը։ Յաջորդ առաւօտ, հիւրերու ժամանումէն ետք տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն մեծ թիւով հայրենակիցներու ներկայութեան ու ապա Ազգային Իշխանութեան կարգադրութիւններով, բոլոր ուխտաւորները համախմբուեցան կեդրոնի մը մէջ ճաշելու հայկական մթնոլորտի մէջ։