Պոլսահայ եկեղեցասէր եւ հաւատացեալ այրի կին մը, յայտնած է թէ կը փափաքի հարիւր հազար ոսկի արժողութեամբ իր մէկ կալուածը նուիրել Ս. Յովհաննէս եկեղեցիին, որուն առջեւ ուխտ մը կատարած էր որ այժմ իրականացած է։
Բարեպաշտուհի տիկնոջ այս սրտաբուխ ժէսթը մեծ գոհունակութեամբ եւ շնորհակալութեամբ դիմաւորուած է Թաղ. խորհուրդին կողմէ, որ որոշած է ամէն տարի հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ մատուցանել անոր համայն ննջեցեալներու յիշատակին։ Եկեղեցասէր այս տիկինը իր կալուածին սեփականաթուղթերը յանձնած է Թաղականութեան, խնդրելով որ ժամ առաջ լրացուի փոխանցման գործողութիւնը։
Պոլսոյ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Պատրիարքարանի հիմնադրութեան 500-ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբը իր կազմած երաժշտական, տնտեսական եւ փրոթոքոլի ենթայանձնախումբերուն հետ հաւաքական նիստ մը գումարելով, որոշած է որ Դեկտեմբեր ամսու ընթացքին կազմակերպէ մի քանի միջոցառումներ։ Նաեւ որոշուած է այս առթիւ գրական յանձնախումբը գործի լծել, «Շողակաթ»ի բացառիկին համար։
Թուրքիոյ բանտերէն շատերուն մէջ ապստամբութիւններ ծայր տուին։ Բանտարկեալներու եւ պահակներու միջեւ տեղի ունեցան բուռն բախումներ եւ շատ մը մարդիկ վիրաւորուեցան։ Ամէնէն լուրջ ըմբոստութիւնները պատահեցան Ատանայի եւ Գասթամոնիի բանտերուն մէջ, ուր ծանր պատիժներու դատապարտուած եօթը հարիւր բանտարկեալներ յարձակեցան բանտի պահակներուն վրայ եւ վիրաւորեցին զանոնք։ Անոնք պահանջեցին որ, քաղաքական դատապարտեալներու կարգին իրենց ալ ներում շնորհուի։ Բանտարկեալները փորձեցին բանտին դուռները խորտակել։ Ոստիկանական եւ ոստիկան զօրաց ժամանումով ըմբոստութիւնը զսպուեցաւ։ Ոստիկանութիւնը ըմբոստները ահաբեկելու համար օդը կրակեց։