Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչութիւնը, իսկապէս գովելի գաղափարը ունեցած էր զուտ անդամական հաւաքոյթ մը կազմակերպելու՝ ի պատիւ վաստակաւոր ուսուցիչ պրն. Զաքար Զաքարեանի։

Օրեր առաջ, Հ. Կ. Խաչի վարչականները մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն հրաւիրագրեր ուղղած եւ թերթին մէջ յայտարարութիւն հրատարակած էին, այնպէս որ, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի սրահը լեցուն էր պարտաճանաչ խաչուհիներով։ Ներկայ էին նաեւ՝ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Միսաքեան եւ Հ. Կ. Խաչի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչները։ Որոշուած ժամուն, օրուան նախագահուհի տիկին Մ. Օննիկեան քանի մը խօսքով բացումը կատարելէ ետք, խօսելու հրաւիրեց օրուան բանախօս եւ Յակոբեան վարժարանի տնօրէն պրն. Օննիկ Զաքարեանը, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ խօսեցաւ իմաստալից ճառ մը։ Նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղին՝ մեր գաղութին մէջ տարիներու վաստակ ունեցող ուսուցչի մը ի պատիւ այս հաւաքոյթը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը ստանձնած ըլլալուն համար։ Շեշտեց թէ՝ այս յարգանքը կþերթայ բոլոր ուսուցիչներուն, եւ մինչեւ մեր ժողովուրդի առաջին ուսուցչին՝ Մ. Մաշտոցին։ Յորդորեց ներկայ ծնողներուն, աւելի ջերմ գուրգուրանք ցոյց տալ հայ դպրոցին եւ ուսուցիչներուն հանդէպ։ Ապա պարզեց այն բոլոր դժուարութիւնները, զորս ամէն օր կը դիմագրաւեն ուսուցիչները եւ որոնց արիաբար եւ անձնուիրութեամբ կուրծք կուտան։ Նախագահուհին ապա խօսքը տուաւ օրուան յարգելի հիւրին՝ պրն. Զաքար Զաքարեանին, որ յուզուած՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆիքսի Հ. Կ. Խաչին եւ ներկաներուն, իրեն ընծայուած այս պատիւին համար։ Ապա գեղեցիկ յիշատակներ պատմեց իր երկար տարիներու պաշտօնավարութեան շրջանէն, մերթ յուզելով եւ մերթ խնդացնելով ներկաները։ Կոկիկ մեծարութենէ ետք նախագահուհին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն փակուած յայտարարեց յաջող անդամական հաւաքոյթը։