Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Ժամանակէ մը ի վեր Երեւան կը գտնուի հայագէտ չեխուհի մը՝ 27 տարեկան, Լութմիլա Մոթալովա:

Առաջին անգամ հայերը ճանչցած եւ սիրած է կարդալով Ֆրանց Վերֆելի ծանօթ «Մուսա լերան քառասուն օրերը»՝ չեխերէնով: 1954-ին գացած է Փրակա՝ սորվելու համար բանասիրական գիտութիւններու հիմնարկութեան մէջ՝ ռուսերէն, լեհերէն եւ հայերէն: Հիմնարկութեան մէջ հայկական բաժին մը ստեղծուած էր փրոֆ. Եալիշքայի ղեկավարութեան տակ: Հայագէտ օտարուհին չեխերէնի թարգմանած եւ հրատարակած է Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններ, Աւետիք Իսահակեանի արձակ գործերը աւարտած եւ տպագրութեան յանձնած է Մկրտիչ Արմէնի «Հեղնար աղբիւրը» եւ Ա. Իսահակեանի «Աբու Լալա Մահարի»-ն: Ներկայիս կ՛աշխատի             հայ գրականութեան նուիրուած ակնարկի մը վրայ, որ մէկ մասը պիտի ըլլայ Չեխոսլովաքիոյ ակադեմիային կողմէ հրատարակուելիք մեծ աշխատութեան մը՝ Արեւելքի ժողովուրդներուն  մասին:

Սանահինի կամուրջը կը նկատուի Հայաստանի ամենահինը՝ ութ հարիւր տարուան հնութեամբ։ Վերջերս, օրինակելի միտումով մը վերանորոգուած է։

 

Ծննդեան յիսնամեակին առիթով եւ գրական բեղուն աշխատանքներուն համար, գրագէտ Նոր-Այր պարգեւատրուած է պետական պատուոյ գիրով մը։

 

Կառավարութեան ծրագրով Հայաստանի կոլ- տնտեսութիւնները պարտաւորուած են այս տարի հաւաքել 32,000 թոն բամպակ: Դժբախտաբար, ինչպէս կը գրեն Երեւանի թերթերը, բերքահաւաքի աշխատանքները Հայաստանի մէջ «անբաւարար» կ՛ընթանան: «Գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ, կը գրէ «Սովետական Հայաստան» իր Հոկտեմբեր 18-ի թիւով, դաշտերը ճերմկած են, բայց քիչ թիւով մարդիկ աշխատանքի լծուած են»: