Print
Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ

Արտաւազդ վարդապետ Թրթռեան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանաւոր միաբաններէն է: Կուսակրօն ձեռնադրուած է 1952-ին:

Ուսումնատենչ աբեղայ, կը հանդիպի կարգ մը դժուարութիւններու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի օծումէն ետք, վեհափառ հօր արտօնութեամբ ու կարգադրութեամբ, եւ համաձայն իր փափաքին, 1959-ին կ՛ուղարկուի Լիոն, ուր եօթը ամիս կը հետեւի Ֆաքիւլթէ Քաթոլիք Տը Լիոնի համալսարանին մէջ աստուածաբանութեան դասընթացքներուն: Կ՛անցնի Փարիզ, ուսումը շարունակելու՝ Էնսթիթիւ Քաթոլիք Տը Փարիիի համալսարանին մէջ: Յաջողութեամբ կ՛աւարտէ Լիսանս է Թէոլոժիի դասընթացքը: Ուսման աստիճանը ստանալու համար դժուարութիւններու կը հանդիպի: Որովհետեւ, աստիճանը ստացողը, համալսարանի օրէնքով, կաթոլիկ եկեղեցւոյ դաւանանքին հաւատարմութեան ուխտը կ՛ընէ: Հարցը կը հասնի Հռոմէն: Հռոմէն, ճիշդ ամավերջի քննութիւններու օրերուն, ի նպաստ հայր սուրբին վճիռ կ՛արձակուի: Քննութիւնները մեծ յաջողութեամբ կ՛անցընէ եւ 1961-ին կը ստանայ Լիսանսիէ ան Թէոլոժիի վկայական-տիտղոսը: 1961-1962 տարեշրջանին, Փարիզի Էնսթիթիւ Տը Քաթոլիքի եւ մանաւանդ Սորպոնի համալսարաններուն մէջ, կը հետեւի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն: Այն հարցումին, թէ ի՞նչ գործունէութիւններ կը նախատեսէ, կամ որո՞նք են իր ցանկութիւնները՝ հայր սուրբը շատ համեստօրէն կը պատասխանէ. - Այսօր, կապուած կը մնամ դպրեվանքին, ուսուցչութիւն կ՛ընեմ եւ ստանձնած եմ «Հասկ»ի խմբագրապետութիւնը: Հարցին՝ թէ որոնք են Անթիլիասի դպրեվանքին վերապահուած դերը եւ ապագայ ծրագիրները ան կը պատասխանէ. - Մեր ամբողջ ճիգն է, դպրեվանքին աւելի ուժ տալ, աւելի բարձրացնել մակարդակը, մանաւանդ ուսումնական տեսակէտէ: Որքան կարելի է, հայ ժողովուրդին եւ Հայոց եկեղեցւոյ լաւապէս  պատրաստուած, գիտակից եւ զոհաբերութեան ոգիով տոգորուած եկեղեցականներ պատրաստել: